Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէյրութ Չենց» Փառատօնի Ծիրին Մէջ. Զաքար Եւ Կամիլա Քէշիշեաններ Ներկայացուցին Հայկական Դասական Երաժշտութեան Գոհարները

December 7, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

zakar-1_120515

«Պէյրութ Չենց» փառատօնի ելոյթներու շարքին ծիրին մէջ, որուն բացումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 1 դեկտեմբերին, շաբաթ, 5 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ փառատօնին 5-րդ ելոյթը` «Արմինիըն Մոզայիք IV» խորագիրով` Զաքար Քէշիշեանի (տուտուկ եւ շուի) եւ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի (դաշնակ) կատարողութեամբ:

Ելոյթին բացումը կատարեց «Պէյրութ Չենց» փառատօնի հիմնադիր Միշլին Ապի Սամրա: Ան նախ եւ առաջ նշեց, որ «Պէյրութ Չենց» փառատօնի ելոյթները սկիզբ առած են երկուշաբթի, 1 դեկտեմբերին եւ կը շարունակուին ամէնօրեայ դրութեամբ մինչեւ չորեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր: Ապի Սամրա ծանօթացուց Զաքար Քէշիշեանը` իբրեւ Համազգայինի «Կաքաւիկ» երգչախումբի (1988), Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի (1992), «Կարկաչ» մանկապատանեկան (1997) եւ «ԱՅԳ» երիտասարդական (2008) երգչախումբերու հիմնադիր, տնօրէն եւ խմբավար: Ինչ կը վերաբերի Կամիլա Երկանեան- Քէշիշեանին, Ապի Սամրա ըսաւ, թէ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի կատարումները ձայնագրուած են խտասալիկներու վրայ, ինչպէս` «Նռնենի»-ն (2006) եւ երկու հատորէ բաղկացած «Հայկական խճաքար»-ը (2009): Միշլին Ապի Սամրա յայտնեց նաեւ, որ երաժշտութենէն բացի, Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան յատուկ սէր ունի գրականութեան նկատմամբ եւ այդ ծիրին մէջ նաեւ ցուցաբերած է ակնյայտ տաղանդ: 1999-ին, Երեւանի մէջ, ան արժանացած է «Ռուբէն Սեւակ» մրցանակին, իսկ 2001-ին Քալիֆորնիոյ մէջ այլ մրցանակ մը ստացած է Համահայկական գրական հիմնարկէն: Իր խօսքին աւարտին, Ապի Սամրա շնորհակալութիւն յայտնեց Կարպիս Չերեքճեանին` իր աջակցութեան եւ գործակցութեան համար:

Զաքար Քէշիշեան եւ Կամիլա Երկանեան- Քէշիշեան նուագեցին Ս.  ծնունդի նուիրուած հայկական աւանդական եղանակներ: Անոնք հանդիսատեսներուն հրամցուցին Կոմիտասէն եւ Սայաթ Նովայէն երգերու շարան մը, ինչպէս նաեւ հանրածանօթ այլ երաժշտութիւններ, «Շողեր ջան», «Տլէ եաման», «Որսորդների պար», «Մախմուր աղջիկ» եւ ուրիշներ, այսպիսով ստեղծելով հայ հանդիսատեսներուն հարազատ մթնոլորտ մը եւ օտարներուն ամբողջական պատկերացում մը տալով հայկական երաժշտական մշակոյթէն:

Ելոյթին աւարտին, Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան իր սրտի խօսքը ըսաւ հայ ժողովուրդին վերաբերեալ` շեշտելով, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, խոչընդոտներուն, որոնց դէմ յանդիման գտնուած է հայութիւնը, ան յաջողած է պահպանել իր մշակոյթը, որ իր ինքնութիւնը բնորոշող հիմնական տարրերէն մէկն է:

Նշենք, որ կիրակի, 6 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ «Կռունկ» երգչախումբը, իսկ ուրբաթ, 18 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ պիտի ունենայ  «Ալ Ֆայհա» երգչախումբը: Վերջապէս, կիրակի, 20 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, դարձեալ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ պիտի ունենայ մանկապատանեկան «Կարկաչ» երգչախումբը:

Պէտք է նշել, որ այս փառատօնի ելոյթներուն մուտքը ազատ է` որակաւոր երաժշտութիւնը բոլորին մատչելի դարձնելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

«Շուշի» Խումբի Ամանորի Եւ Ս. Ծնունդի Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն

Յաջորդը

17 Վարժարաններէ Շուրջ 300 Աշակերտներ Մասնակցեցան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անսխալ Գրենք» Մրցումին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.