
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Աւետիս Կիտանեան եւ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայէղի, կուսակցութեան նախկին քարտուղար, խորհրդատու Միշել Խուրիի եւ քաղաքական խորհուրդի անդամ Փիեռ Ժալըխի:
Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այս բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը ընդունած են` լիբանանցիները եւ վստահաբար նաեւ քրիստոնեաները հետաքրքրող նախագահական ընտրութեան, ընտրական օրէնքին եւ Լիբանանը յուզող հարցերուն մասին խորհրդակցութիւններ կատարելու Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ:
«Այս նիւթերուն մասին քննարկումներուն ընթացքին ի յայտ եկաւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան տեսակէտներուն միջեւ մեծ չափով նոյնութիւն գոյութիւն ունի: Անշուշտ այսօր բարդ կացութիւն մը կայ` լիբանանեան եւ արտաքին առումով, սակայն մեր պարտականութիւնն է այսօր լուրջ կերպով մօտենալ հարցերուն եւ պատասխանատուութեամբ դուրս գալ այս տագնապէն», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին երկար քննարկուեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելու նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ կարեւորը այն է, որ հանրապետութեան նախագահ ընտրուի անձնաւորութիւն մը, որ կը ներկայացնէ բոլոր քրիստոնեաներն ու լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ կը փարատէ բոլոր լիբանանցիներուն, ըլլան անոնք քրիստոնեայ թէ իսլամ, մտահոգութիւնները:
Իր կարգին, Սելիմ Սայէղ նշեց, որ Լիբանանի ազգային հեղինակութիւններուն կատարած իրենց այցելութիւններուն շրջագիծին մէջ անպայման պէտք է այցելեն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին` նկատի ունենալով, որ երկու կուսակցութիւնները նոյն ախտաճանաչումը կը կատարեն Լիբանանը յուզող հարցերուն: Ան նշեց, որ կատարեալ իրապաշտութեամբ եւ առարկայականութեամբ քննարկած են նախագահական թափուր աթոռին հարցը, ինչպէս նաեւ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը:
Սայէղ շեշտեց, որ իրենք ներկայացուցած են նաեւ այս իմաստով իրենց կատարած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները` յոյս յայտնելով, որ պարզուի յստակ կեցուածք մը, որուն ընդմէջէն կարելի ըլլայ Լիբանանը դուրս բերել իր սառած իրավիճակէն:
Սայէղ շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն այս խորհրդակցութիւնները, որովհետեւ տակաւին համոզուած չեն, որ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի:
Ան մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ընդարձակ համախոհութիւն վայելէ եւ ապագայի յստակ տեսլական ունենայ:
«Այս մասին մեր կեցուածքը կը մնայ անփոփոխ, ընդհակառակն` անիկա ամրապնդուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ հանդիպումէն ետք», ըսաւ ան:


