Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոյին

December 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Maro_120515Սպասեցինք… Գիտէինք գալիքը, հրաշքի մը յոյսն ու ակնկալութիւնը ունէինք. բայց աւա՜ղ, որքա՜ն արագ ընթացաւ կեանքիդ անիւին թաւալումը… Անողոք քաղցկեղը գործեց իր ոճիրը ու տապալեց քե՛զ. եւ ահաւասիկ վերջալոյսը… Վերջաբանը` ցաւերուն, տանջանքներուն եւ հոգեմաշման: Արդեօք լա՞ւ է այսպէս, հաւատացեալներ ըլլալնուս պիտի ընդունինք, որ բարձրերէն` զերթ մի հրեշտակ կը դիտես մեզ ու կը հսկես մեր վրայ, սակայն մեզի բոլորիս համար որքա՜ն դժուար է յաւերժական բաժանումն ա՛յս քեզմէ… Շնորհալի դէմքդ, ժպիտդ` բարի, անկեղծ ու անմեղ պիտի ուղեկցին մեզի մեր կեանքերուն ամբո՛ղջ տեւողութեան:

Ազնուական, վե՛հ, ազգասէր, ծառայասէր. համեստ այլ պարզ, սիրելին էիր բոլորին` հարազատին թէ օտարին: Ուղիդ պայքարներու իրերայաջորդ օղակներ եղաւ, մին միւսէն դժուար ու բարդ,  յաղթահարեցի՛ր խոչընդոտները բոլոր եւ յաջողեցա՛ր աննկուն կամքիդ, ուժեղ նկարագրիդ եւ յարատեւ աշխատանքիդ որպէս արդիւնք:

Եւ արդէն չէ՞ որ Թէքէեանի բառերով.

«Հաշուեյարդար. ի՞նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ի՛նչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ ա՛յն միայն.
Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ` անիմաց
Երբեմն հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն»:
Տուի՛ր, տուիր անսակարկ խանդաղատանք ու սէր:

Երիտասարդ կեանք մը ամբողջ նուիրեցիր ողբացեալ, անդամալոյծ ամուսնոյդ եւ միեւնոյն ատեն հետեւեցար զաւակներուդ` Ճոնիին եւ Սիրունիկին դաստիարակութեան` իրենց մակարդակի համապատասխան հաստատութիւններու մէջ. ընտրուեցար «Տարուան մայր», որքա՜ն արժան էր ա՛յդ եւ իրաւ:

Հապա եղբա՞յրդ, քոյրիկնե՞րդ, գերդաստանը մեր ամբողջ, որքա՜ն մօտ էին բոլորը սրտիդ եւ փոխադարձաբար… Փաստը` Լիբանանի, Լոս Անճելըսի, Նիւ Ճըրզիի, Մոնրէալի, Քեպեքի, Դամասկոսի եւ անշուշտ Թորոնթոյի հարազատներուդ եւ բարեկամներուդ հոյլի ներկայութիւնը այստե՛ղ ահա, խոնարհաբար իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցանելու քեզի:

Մեծ սիրով եւ անհուն զոհողութեամբ ծառայեցիր կուսակցութեանդ եւ անոր յարակից միութիւններուն, յաճախ որպէս ատենադպրուհի. ծնողներուդ` Գրիգոր եւ Սիրուն Թելեաններու տուած ազգանուէր ու տոհմային դաստիարակութիւնը տարբեր չէր կրնար ըլլալ: Թրիփոլիի բերդավայրի կոմիտէութիւնն ու Օգնութեան խաչը վկա՛յ:

Ինը տարիներ առաջ հաստատուեցար Քանատա եւ սիրեցիր ու յարգեցիր այս օրհնաբեր երկիրը` որքա՜ն…

Ա՛յս անգամ խօսքը պիտի տամ Դուրեանին` ըսելու համար.

«Իսկ աննշան եթէ մնայ,
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն ի՛մ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի՛
Ա՜խ, այն ատեն, ես կը մեռնիմ»:

Ներկայ պիտի ըլլաս մեր մէջ ու մեզի հետ, յաւերժ, Մարօ ճա՛ն:

Այժմ` երթաս բարով:

ՍԵԴԱ ԹԵԼԵԱՆ

Նախորդը

«Պէյրութ Չենց» Փառատօնի Ծիրին Մէջ. Բարձր Մակարդակի 28 Ելոյթներ` Մինչեւ 23 Դեկտեմբեր

Յաջորդը

Անդրադարձ. «Ազատամարտ» Ակումբը` 50 Տարիներ Առաջ, Նաեւ` Իբրեւ Մշակոյթի Կեդրոն Եւ Էսդրատային Երաժշտութեան Օրրան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.