Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 27, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ այսօրուան դրութեամբ լիբանանցիներուն ներկայացուած նախագահական ընտրութեան նոր թեկնածուն Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն է:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական տարբեր աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը լուրջ է եւ ոչ թէ խուսանաւում:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը խուսանաւում է:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կրցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին հեռացնել Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու դիրքերէն եւ զայն ներքաշել դէպի միջին դիրք մը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան առումով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հաւանութիւնը ձրի պիտի չըլլայ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան առաջադրումը Մայրիներու յեղափոխութեան նահատակներուն երկրորդ ահաբեկումն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը մնայ նախագահական ընտրութեան գլխաւոր թեկնածուն, որուն մօտ կը գտնուին հարցին լուծման բանալիները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը կը մնայ երկրին մէջ քաղաքական գործակցութեան ողնաշարը:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կը վարանի իր թեկնածութիւնը յայտարարելու առումով յստակ քայլերու դիմելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավարի խորհրդատու Ուեհպէ Քաթիշա շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կամ Իրանի վարչակարգի դաշնակից մը չի կրնար հանրապետութեան նախագահ ընտրել:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Սուրիայէն հեռացումը պայման է` գործադրելու համար համաձայնութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ հերքեց նախագահական ընտրութեան համար լուրջ թեկնածուի մը մասին շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր լուրերը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւններ պիտի չկատարուին, մինչեւ որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը չկատարուի:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» հոսանքի յատուկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ Սէուտական Արաբիա կը քաջալերէ քաղաքական ուժերուն միջեւ որեւէ երկխօսութիւն:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան առումով Լիբանանի մէջ դրական յստակ տուեալներ գոյութիւն ունին: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Փարիզի համաձայնութիւնը կրնայ Ժան Օպէյտը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու համաձայնութեան սկիզբը ըլլալ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ փոխըմբռնում գոյութիւն ունի այն իմաստով, որ երկուքն ալ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու թեկնածուներ են:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Ներում Չհայցեց Եւ Գիտակցաբար Փակուղի Կը Տանի Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները» Ըսաւ Փութին

Յաջորդը

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Մաքսատունը Կը Խափանէ 25 Քկ Թմրեցուցիչի Մաքսանենգումը

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.