
Հայաստանի ֆութպոլի համակիրներու Առաջին հայկական ճակատ (ՖԱՖ) խմբաւորումը իր երկրորդ երթը կատարեց դէպի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղին:
Համակիրներուն բազմութիւնը Արամ Խաչատուրեանի արձանին մօտէն Վանկարկումներով ուղղուեցաւ դէպի Խանճեան փողոց, ուր կը գտնուի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղին:
Անոնք բռնած էին պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր.
«Քու ժամանակդ եկած է»:
ՖԱՖ-ի անդամները փորձեցին այդ պաստառը զետեղել ֆետերասիոնին շէնքին վրայ, բայց ոստիկանները արգելք հանդիսացան այդ քայլին` խլելով պաստառը:
Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան ՖԱՖ-ի հաւաքը անօրինական նկատեց` պնդելով, որ ատիկա ինքնաբուխ չէ:
Ոստիկանութեան հետ տեղի ունեցած բախումներէն ետք համակիրները հակադարձեցին` նշելով, որ հաւաք-երթը օրէնքի սահմաններուն մէջ է:
ՖԱՖ-ի հիմնադիր անդամ Սերկէյ Ջանջոյեան նշեց, որ իրենք պիտի պայքարին, մինչեւ որ հասնին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի հրաժարականին:
Նշենք, որ յառաջիկայ իր ընելիքներուն մասին ՖԱՖ-ը յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակէ մօտիկ ապագային:


