Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ահաբեկչութեան Վտանգը Կը Շարունակէ Սպառնալ Լիբանանին

November 20, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

roump1_111915f

Լիբանանեան առօրեային մաս կազմող ապահովական իրադարձութիւններուն շրջագիծին մէջ երէկ առաւօտեան երկիրը արթնցաւ Նապաթիէի մէջ բանակին, ներքին ապահովութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ  Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ապահովական թեւերու կողմէ որդեգրուած արտակարգ միջոցառումներուն լուրով:

Նապաթիէի բոլոր մուտքերուն անմիջապէս զետեղուեցան անցարգելներ, որոնք ստուգեցին քաղաք մուտք գործող եւ անկէ դուրս եկող բոլոր անցորդներուն անձնաթուղթերը:

Ըստ տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներու, նախանցեալ երեկոյեան Նապաթիէ այցելած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ցանցին պատասխանատուներէն մէկը եւ հանդիպում ունեցած բանակին, ապահովութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ապահովական պատասխանատուներուն հետ` անոնց փոխանցելով տեղեկութիւններ այն մասին, թէ ՏԱՀԵՇ-ի անդամներ կը ծրագրեն Նապաթիէն ահաբեկչութեան թիրախ դարձնել:

Այս տեղեկութիւններուն հիման վրայ ապահովութեան պատասխանատուները իսկոյն ստանձնած են պարտականութիւններ եւ որդեգրած ապահովական միջոցառումներ, որոնց ծիրին մէջ բանակը կը կատարէ նաեւ խուզարկումներ:

Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերը յայտնեցին, որ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:30-ին, Սայտայի մէջ գտնուող աղբի զտարանին մէջ գտնուած են ականուած գօտիներ եւ պայթուցիկ նիւթեր, որոնց վնասազերծումը հաստատելու համար Սայտա ուղղուած են ապահովական կառոյցի սակրաւորներ:

Նշենք, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով երէկ կէսօրին Հըզպալլայի մարտիկները Արսալի Խէյլ հովիտին մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու զինեալներուն դէմ ծուղակ մը լարեցին:

«Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ահաբեկիչներէն երկուքը սպաննուեցան, իսկ 5 ուրիշներ վիրաւորուեցան:

Եարզէի Մէջ

Զօր. Քահուաժի` ամերիկեան պատուիրակութեան հետ
Զօր. Քահուաժի` ամերիկեան պատուիրակութեան հետ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկեան օդուժի կեդրոնական հրամանատարութեան պետ զօր. Չարլզ Պրաունը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանին սպառնացող ահաբեկչական գործողութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ, յատկապէս Պըրժ Պարաժնէն հարուածած պայթումներուն լոյսին տակ:

Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, զօր. Պրաուն ընդգծած է Միացեալ Նահանգներուն յանձնառութիւնը լիբանանեան բանակին նկատմամբ, յատկապէս անոր զօրացնելու այն աստիճան, որ ան առանձինն կարենայ պաշտպանել երկիրը եւ ժողովուրդը:

Նշենք, որ զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց հարաւի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ . Ներկայացուցիչներու Տունը Մէկ Վայրկեան Յոտնկայս Լռութեամբ Յարգեց Պըրժ Պարաժնէի Զոհերուն Յիշատակը

Յաջորդը

Նոր Սահմանադրութիւնը Պիտի Երաշխաւորէ Դատարաններու Անկախութիւնը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.