
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ առաւօտեան ներկայ գտնուեցաւ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Արաբական դրամատնային աշխատանքի տարեկան խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին ահաբեկչութիւնը թիրախ դարձուցած է Լիբանանը եւ զայն արիւնի մէջ թաթխած` ընդգծելով սակայն, որ Պէյրութը պիտի մնայ խաղաղութեան քաղաքը եւ աշխարհին բացուող Արեւելքի դարպասը:
Վարչապետ Սալամ ողջունեց Արաբական դրամատուներու համադաշնակցութիւնը եւ անոր ջանքերը, շնորհակալութիւն յայտնեց արաբական եւ Ծոցի երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ, որոնք մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնին Լիբանանի եւ կը սատարեն անոր տնտեսական կայունութեան:
Վարչապետ Սալամ բարձր գնահատեց լիբանանեան խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած Միջազգային դրամատան առնչուող վարկերուն վերաբերող օրէնքները, որոնք երկրին տնտեսութեան եւ դրամատնային մարզի աշխատանքին նոր ընթացք կրցած են ապահովել:
Միւս կողմէ, ան համախոհութեան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն` լուծել կարենալու համար երկիրը եւ քաղաքացիները յուզող հարցերն ու տագնապները:
Նշենք, որ խորհրդաժողովին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ հերքեց անցնող շաբթուան ընթացքին շրջանառութեան մէջ դրուած ապատեղեկատուութիւնը, թէ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կրնայ խախտիլ:
Սալամէ շեշտեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ:


