Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պըրժ Պարաժնէի Անձնասպանական Գործողութիւններուն Հետաքննութիւնը Կարեւոր Զարգացումներու Յանգած Է» Շեշտեց Սամիր Համմուտ

November 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սամիր Համմուտ
Սամիր Համմուտ

Ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ յայտնեց, որ Պըրժ Պարաժնէն թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւններուն մասին բացուած հետաքննութիւնը կարեւոր զարգացումներու եւ արդիւնքներու յանգած է:

Ան նշեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը իր գիտական եւ թեքնիք աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ կրցած է բացայայտել անձնասպանական գործողութեան երկրորդ հեղինակին ինքնութիւնը` աւելցնելով, որ անձնասպանական գործողութեան առաջին հեղինակը ականուած մոթորսիքլեթով գործած էր պայթումը:

Համմուտ ընդգծեց, որ ջանքերը տակաւին կը շարունակուին բացայայտելու համար նաեւ անձնասպանական գործողութեան առաջին հեղինակին ինքնութիւնը:

«Անձնասպանական գործողութեան երկրորդ հեղինակը սուրիացի է, սակայն ճիշդ պիտի չըլլայ, որ անոր մասին մեր ունեցած բոլոր տեղեկութիւնները հրապարակենք, որպէսզի հետաքննութիւնը չկաղայ», ըսաւ Համմուտ` աւելցնելով, որ չորս օր առաջ Թրիփոլիի մէջ ձերբակալուած ահաբեկիչը, որ ականուած գօտի մը կը կրէր, ուղղակի կապեր ունի Հարաւային արուարձանները պայթեցնող ահաբեկչական բջիջին հետ:

ՆՇԵՆՔ, որ երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:00-ին, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Պեքաայի Լապուէ գիւղաքաղաքին մէջ ձերբակալեց երկու լիբանանցիներ, որոնք ուղղակիօրէն կապ ունին անձնասպանական գործողութեան հեղինակները Պէյրութի հարաւային արուարձաններ փոխադրելու աշխատանքին հետ:

 

Նախորդը

Անթոնիօ Հաշեմ` Պէյրութի Իրաւաբաններու Սենտիքայի Նոր Նախագահ

Յաջորդը

Բանակը Կը Ռմբակոծէ Արսալի Եւ Ռաս Պաալպեքի Բարձունքները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.