Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթալիոյ Մէջ Օպամա-Էրտողան Հանդիպում. «Թուրքիոյ Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրենք Ընդդէմ Ահաբեկչական Շարժումներուն» Ըսաւ Օպամա

November 16, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Օպամա եւ Էրտողան
Օպամա եւ Էրտողան

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Անթալիոյ «Ռեկնում» պանդոկին մէջ առաւօտեան ժամը 10:40-ին ունեցան հանդիպում մը, որուն աւարտին տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան յայտնեց, որ 10 հոկտեմբերին Անգարայի մէջ եւ 13 նոյեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած յարձակումները ցոյց կու տան, թէ ահաբեկչութեան վտանգը ընդհանուր է:

«Ահաբեկչական այս արարքը ոչ միայն Ֆրանսայի ժողովուրդին դէմ է, այլեւ ամբողջ մարդկութեան», ըսաւ Էրտողան եւ ընդգծեց, որ ղեկավարները Անթալիոյ մէջ երէկ ընթացք առած Քսաններու խմբակի ժողովին ընթացքին պիտի քննարկեն ՏԱՀԵՇ-ի դիմակայման միջոցները: «Միեւնոյն ժամանակ, անշուշտ, պիտի քննարկենք կլիմայական փոփոխութիւնը, գաղթականներու ճգնաժամը եւ աշխարհի տարածքին ելեւմտական զարգացումները», յայտնեց ան:

Օպամա գովաբանեց Թուրքիան` Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի վտանգի դիմակայման մէջ «կարեւոր դաշնակից» մը ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ երկու միլիոն տեղահանուածներ հիւրընկալելուն համար:

«Մենք քննարկեցինք թրքական սահմանին վրայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Վիեննայի մէջ (Սուրիոյ շուրջ) հանդիպումը», ըսաւ ան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ յայտարարեց. «Մենք` ՕԹԱՆ-ի անդամներս, Թուրքիոյ աջակցութիւն պիտի տրամադրենք ընդդէմ ահաբեկչական շարժումներուն, ինչպէս ՏԱՀԵՇ-ի եւ ուրիշներուն»:

Օպամա իր կարգին նշեց. «Անգարայի եւ Փարիզի յարձակումները որոշ երկրի մը դէմ ուղղուած չէին, այլ ամբողջ մարդկութեան դէմ էին»:

Նշենք, որ երէկ Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ ընթացք առաւ Քսաններու խմբակի վեհաժողովը, որուն կը նախագահէ Էրտողան եւ որուն կը մասնակցին Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Սէուտական Արաբիոյ, Բրիտանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները, սակայն անկէ կը բացակայի Ֆրանսան:

 

Նախորդը

Վիեննայի Մէջ Համաձայնութիւն` 18 Ամիսէն Սուրիոյ Մէջ Ընտրութիւններու Կայացման Շուրջ

Յաջորդը

Անթալիոյ Մէջ. Փութին-Օպամա Կարճատեւ Հանդիպում` Սուրճի Սեղանի Շուրջ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.