Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խնդիրը Ասատի Հեռացման Կերպն Է Եւ Ոչ Թէ Անոր Իշխանութեան Վրայ Մնալուն Ժամանակամիջոցը» Ըսաւ Տաւութօղլու

November 11, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմեթ Տաւութօղլու
Ահմեթ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ «Մեթրոճեթ» ընկերութեան պատկանող ռուսական օդանաւին դէմ յարձակումն ու 224 ճամբորդներու սպանութիւնը մեր բոլորին դէմ յարձակում կը նկատուի»` աւելցնելով, որ յարձակումը ցոյց կու տայ, որ երկրի մը կամ շրջանի մը մէջ տագնապ մը եթէ չլուծուի, ապա կը դժուարանայ այլ երկրի մը մէջ զայն վերահսկողութեան տակ պահելը:

Ան այն կարծիքը արտայայտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան վրայ մնալուն պարագային որեւէ տեղահանուած իր երկիրը պիտի չվերադառնայ:

Տաւութօղլու նաեւ ըսաւ. «Թրքական ցամաքային ուժեր ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ կռուելու համար ուղարկելը կարիքը ունի բոլորին հետ խորհրդակցութեան, որպէսզի մասնակից դառնան անոր, սակայն կարիքը կայ համապարփակ ռազմավարութեան մը, որ հիմնուած է օդային հարուածներու եւ ցամաքային ուժերու միջամտութեան վրայ: Բայց եւ այնպէս, Թուրքիան ամբողջ բեռը առանձին չի կրնար տանիլ: Եթէ համապարփակ ռազմավարութիւն եւ լաւ ծրագրուած դաշինք մը գոյութիւն ունենայ, ապա մենք պատրաստ ենք բոլոր միջոցներով ատոր մասնակից դառնալու»:

Ան ըսաւ, որ սուրիական տագնապը պէտք է լուծել համապարփակ կերպով` աւելցնելով, որ այդ ռազմավարութիւնը պէտք է ներառէ ծայրայեղութեան եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին դէմ պայքարը: Ռազմավարութիւնը պէտք է ուղղուած ըլլայ բոլոր խմբաւորումներուն եւ այդ հարցին ստեղծման պատճառ դարձած վարչակարգերուն դէմ, եւ կը շարունակենք մեր դաշնակիցներուն կոչ ուղղել ապահով գօտիներու ստեղծման հարցը եւ ՏԱՀԵՇ-ը մեր սահմաններէն հեռացնելու հարցը քննարկելու»:

Անդրադառնալով Ասատի` որոշ ժամանակ իշխանութեան վրայ մնալու կարելիութեան վերաբերեալ եւրոպական, ռուսական եւ ամերիկեան կեցուածքներու` Թուրքիոյ վարչապետը նշեց. «Հարցը Ասատի իշխանութեան վրայ մնալիք ժամանակին չի վերաբերիր, այլ իշխանութենէն հեռացման ձեւին ու ժամանակին, ինչպէս նաեւ ակնկալուած լուծումին»:

Ան նշեց, որ սխալ է այն խօսքը, թէ Թուրքիա կը մերժէ Սուրիոյ մէջ քիւրտերը ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի զինելը` նշելով, որ Անգարա կը մերժէ զինել Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը, զոր կը նկատէ ՔԱԿ-ի մէկ թեւը` աւելցնելով, որ քրտական ուժերը միակը չեն, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը պայքարին, այլ նաեւ կայ Սուրիական ազատ բանակը, որուն կարելի է զէնք տրամադրել: «Անատոլու» հաղորդեց, որ Տաւութօղլու երէկ յայտարարած է, որ Թուրքիան պատրաստ է հակադարձելու Սուրիոյ տարածքէն` օդէն կամ ցամաքէն սպառնալիք ծագելուն պարագային:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի այս շաբաթավերջին սկսող քառօրեայ շրջապտոյտի կը մեկնի Թունուզ, Վիեննա եւ Թուրքիա` աւելցնելով, որ Քերրի Վիեննայի մէջ պիտի մասնակցի սուրիական տագնապին շուրջ իր պաշտօնակիցներուն հետ երկկողմանի եւ բազմակողմանի հանդիպումներուն, իսկ Անթալիոյ մէջ նախագահ Պարաք Օպամային միանալով պիտի մասնակցի Քսաններու խմբակի ժողովին:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքը երէկ ենթարկուեցաւ հրթիռակոծման, որուն պատճառով, ըստ սուրիական պատկերասփիւռի կայանին, արձանագրուեցաւ 22 զոհ եւ 62 վիրաւոր:

Սուրիական Բանակը Վերացուց «Քուերես»
Զինուորական Օդակայանի Շրջափակումը

Երէկ սուրիական բանակը, երկար մարտերէ ետք, զինուորական մեծ յառաջխաղացք արձանագրեց եւ յաջողեցաւ վերացնել զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Հալէպի արեւելեան շրջանին մէջ գտնուող «Քուերես» զինուորական օդակայանի շրջափակումն ու մուտք գործեց օդակայան` միանալով չորս տարիէ ի վեր պաշարուած բանակայիններուն:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Քննադատէ Թուրքիոյ Մէջ Հիմնարար Իրաւունքներու Սահմանափակումները

Յաջորդը

Էրտողան Կոչ Կ՛ուղղէ Յառաջիկայ Չորս Տարուան Ընթացքին Նոր Սահմանադրութիւն Մը Եւ Բարեփոխումներ Որդեգրելու

RelatedPosts

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը

September 30, 2026
Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»

September 30, 2026
Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի
Միջազգային

Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.