Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 2500 ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԻ «ՈՎԱՍԻՍ»Ի ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԴԷՍԸ

August 27, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աշակերտները կը կազմեն «Ովասիս» բառը

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին, երէկ` ուրբաթ, 26 օգոստոս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Ովասիս» մանկապատանեկան ամառնային ծրագիրի 13-րդ եզրափակիչ հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ աւելի քան 2500 հայորդիներու:

Հանդիսութիւնը սկսաւ բացման պարով, «Ովասիս»ի խումբերու տողանցքով եւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներով, որոնցմէ ետք խօսք առաւ «Ովասիս» ամառնային ծրագիրի ընդհանուր պատասխանատու Քարոլին Թերզեան: Ան ըսաւ, որ «Ովասիս»ի մէջ աշակերտները երգերու, պարերու, պտոյտներու, խաղերու եւ այլ դաստիարակչական միջոցներու ընդմէջէն կ՛անցընեն հաճելի եւ օգտաշատ պահեր: Թերզեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ ծնողներուն, որոնց միացեալ գործակցութեամբ կ՛իրականանայ այս նախաձեռնութիւնը:

Կրեկուար Գալուստ

Ապա տարբեր երկիրներէ եւ տարբեր վարժարաններէ համախմբուած «ովասիս»ական աշակերտները շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը: Անոնք երգեցին «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» եւ «Ձեռք տուր ընկեր եմ» երգերը, ինչպէս նաեւ պարեցին հայկական, արաբական եւ եւրոպական բազմաթիւ պարեր, որոնք ներկաներուն մօտ յառաջացուցին մեծ խանդավառութիւն: Յայտագիրին ծիրին մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ քոնկ ֆուի ցուցադրութիւն:

Նշենք, որ «Ովասիս»ի իւրաքանչիւր խումբ կը կրէր հայկական պատմական գրաւեալ հողերու անունները, մինչ դաշտին մէջ տեղադրուած էին Այբուբենը, Արարատը, եկեղեցին, Սարդարապատը, Արցախը  եւ խաչքարը խորհրդանշող ձեռային աշխատանքներով պատրաստուած պատկերներ:

Յայտագիրի աւարտին աշակերտները իւրայատուկ կերպով կազմեցին «Ովասիս» բառը, որուն յաջորդեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին խօսքը: Ան ըսաւ, որ «Ովասիս»ի խումբերուն կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն տարազները Հայաստանի վերանկախացման 20-ամեակին առիթով պատգամող խորհուրդներ կը փոխանցեն: Գալուստ աւելցուց, որ ամառնային ծրագիրին նպատակն է կրթել եւ դաստիարակել մանուկներն ու պատանիները, եւ այս հանդիսութիւնը ցուցանիշ է հաստատելու, որ «Ովասիս» իր նպատակին կը ծառայէ:

Քարոլին Թերզեան

Կրեկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն եւ դասատուներուն, որոնք մեղուներու նման իրենց վստահուած պարտականութիւնը կատարեցին: Ան յայտնեց, որ ծնողներու հարազատ վերաբերմունքը յաջողութեան գրաւականներէն մէկն էր: Իր խօսքի աւարտին Գալուստ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարիներուն «Ովասիս»ը առաւել եւս զարգանայ ու բարելաւուի, որպէսզի աւելի մեծ թափով շարունակէ իր աշխատանքը:

«Ովասիս»ի 13-րդ հանդէսը փակուեցաւ հրավառութեամբ:

 

Նախորդը

ՎԱՂԸ` ԿԻՐԱԿԻ, 28 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՐԱԳ ՄՐՑԱՇԱՐՔ` ԷՀՏԵՆԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՓԱԿՈՒՄ` «ԱՆՈՒՇ ՀԱՅՐԵՆԻՔ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ-ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՃԱՄԲԱՐԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.