Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Մտահոգուած Են Ազրպէյճանի Ընտրութիւններու Առնչութեամբ Ստեղծուած Իրավիճակով» Կ՛ըսէ Թրիւտօ

November 4, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

azerbaijan_110315

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլիզապեթ Թրիւտօ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ մտահոգուած են 1 նոյեմբերին Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն առնչութեամբ ստեղծուած իրավիճակով:

«Մենք կը ցաւինք, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը չէ արտօնած ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակին անհրաժեշտ քանակութեամբ դէտեր ուղարկել, որուն իբրեւ հետեւանք կառոյցը չէ կրցած հետեւիլ ընտրութիւններուն: Առանց ատոր մենք չենք կրնար ըսել` հասա՞ծ է Ազրպէյճանը յառաջընթացի` նախորդ խորհրդատուութիւններուն հիման վրայ ընտրութիւններ կատարելու առումով: Այդ խորհրդատուութիւններուն մէջ նշուած էին քաղաքացիական հիմնարար ազատութիւններու սահմանափակումները եւ խնդիրները լուծելու ուղիները», յայտարարած է Թրիւտօ:

Ըստ անոր, իրենք տակաւին մտահոգ են, որ Ազրպէյճանի մէջ կը տիրէ քաղաքական սահմանափակումներու մթնոլորտը եւ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեն` յարգելու խաղաղ ցոյցերու ազատութիւնը եւ անկախ կարծիքները, ներառեալ` լրատուամիջոցներու, ինչ որ Ազրպէյճանի միջազգային պարտաւորութիւններուն մէկ մասն է, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղեն աշխատելու ԵԱՀԿ-ի եւ Ժողովրդավարական հետազօտութիւններու մարդու իրաւունքներու գրասենեակին հետ:

Ազրպէյճանի մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն  յաղթանակ արձանագրած է իշխող «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութիւնը: 125 շրջաններէն 71-ին մէջ յաղթած են իշխող կուսակցութեան թեկնածուները: Երեսփոխան ընտրուած է նաեւ Ազրպէյճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւա:

Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահը
Ազրպէյճանի Ընտրութիւնները
Հակաժողովրդավարական Անուանած Է

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի ղեկավար Մարթին Շուլց «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանական ընտրութիւնները չեն համապատասխանած վստահելի չափանիշներուն:

«Ազրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութիւնը, ազատութիւնն ու բազմակարծութիւնը կը խոչընդոտուին», նշած է ան:

 

Նախորդը

«Իրան Պիտի Հեռանայ Սուրիոյ Շուրջ Բանակցութեան Սեղանէն, Եթէ Բանակցութիւնները Կառուցողական Չըլլան» Ըսաւ Ապտոլլահեան

Յաջորդը

Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Փոխնախագահը Կը Յայտարարէ. «Նոր Սահմանադրութեան Բանաձեւումը Կուսակցութեան Առաջնահերթութիւններէն Է»

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.