Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ո՛չ Այսօր, Ո՛չ Վաղը, Ո՛չ Ալ Յաւիտեան Կարելի Պիտի Ըլլայ Բուռ Մը Աղբ Նետել Պուրճ Համուտի Մէջ» Յայտարարեց Երեսփոխան Բագրատունի

October 31, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hagop_Pakradouni_103015

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ գիշեր պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը մէջ ընդգծեց, որ «ո՛չ այսօր, ո՛չ վաղը, ո՛չ ալ յաւիտեան մէկուն կարելի պիտի ըլլայ բուռ մը աղբ նետել Պուրճ Համուտի մէջ»:

Պուրճ Համուտի աղբանոցի վերաբացման մասին վերջերս շրջան ըրած տարաձայնութիւններուն մասին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ հարցապնդուելով` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ այս կեցուածքը աներկբայօրէն փոխանցած է իշխանութիւններուն եւ յայտարարած զանգուածային լրատուամիջոցներուն:

«Երբ կը պահանջէինք դարմանել աղբի լերան հարցը, մեզի կ՛ըսէին` դուք ձեր գլխուն ճարին նայեցէք: Ի՞նչ պատահեցաւ, որ այսօր կ՛ուզեն այդ հարցը լուծել», հարց տուաւ երեսփոխան Բագրատունի: Ան դիտել տուաւ, որ առաջարկուած ծրագիրը կը նախատեսէ աղբի լերան մէկ մասով ծովէն տարածք մը թաղել` միաժամանակ որոշ քանակութեամբ աղբ տեղադրելով անոր տակ: «Աղբի լերան ծաւալն ու ծովու ճշդուած տարածութիւնը իրարու չեն համապատասխաներ, ուստի պահանջեցինք աւելի լուրջ ուսումնասիրութիւն կատարել եւ մեզի ներկայացնել, որպէսզի ուսումնասիրենք», ըսաւ ան:

«Մենք եւ մեր ժողովուրդը քսան տարի տառապեցանք, եւ կրեցինք ընդարձակ շրջանի մը բեռը: Այդ տարիներուն ուրիշներ կ՛օգտուէին մեր զոհողութենէն: Այսօր այլեւս ուրիշներ պէտք է ստանձնեն այդ բեռը», եզրափակեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

***

Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան նոյն կայանի լրագրողը առաջնորդեց լեռ, ուր ներկայացուց նախկին աղբանոցին տարածքն ու ծովուն այն տարածքը, զոր կը նախատեսուի աղբի եւ լերան հողին տակ թաղել` բացատրելով որ տրամաբանօրէն միլիոնաւոր խորանարդ մեթրեր պէտք է «ներածել»` այդ տարածքը ծածկելու համար:

«Լերան հարցին դարմանումը այս «նախկին աղբանոց»-ին պատասխանատու պետութեան ճիտին պարտքն է, եւ անընդունելի է այդ պատրուակով հարիւր հազարաւոր թոներով յաւելեալ աղբ տեղափոխել հոս», ըսաւ ան` քաղաքապետարանին անունով կտրականապէս մերժելով ծրագիրին ներկայ տարբերակը:

 

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Կը Շարունակէ Աղբի Տագնապին Լուծման Ջանքերը

Յաջորդը

Հայամէտ Փոլ Ռայըն Ընտրուած Է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.