
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթիի հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը, որ կը վերաբերէր Ժոզ գետին վրայ զետեղուած ջրելեկտրակայաններուն օգտագործումին, որուն նպատակն է առանց կենսոլորտը ապականելու ուժանիւթ ստանալ:
Ասիկա Իտալիոյ կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուած ծրագիր մըն է, որուն գործադրութիւնը ստանձնած է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը:
Նախարար Արթիւր Նազարեան ողջունեց Իտալիոյ կառավարութեան նախաձեռնութիւնը եւ բարձր գնահատեց լիբանանցիներուն համար նման արդիական եւ կենսոլորտը չապականող ծրագիրները ֆինանսաւորելու պատրաստակամութիւնը:
Նազարեան հաստատեց, որ այդ հոսանքէն կ՛օգտուի Թաննուրինի կառավարական հիւանդանոցը` աւելցնելով, որ նման նախաձեռնութիւններ ողջունելի են եւ քաջալերելի:
Ան եզրափակեց շեշտելով, որ Իտալիա 2 միլիոն եւրօ յատկացուցած է այս ծրագիրին իրականացման համար եւ անոր ընդմէջէն Իտալիա Լիբանանին օժանդակած կ՛ըլլայ` երկրին կենսոլորտը ապականումէ պահպանելու իմաստով ազգային ռազմավարութիւն մը գործադրելու:


