
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը ահաբեկչական բջիջները հետապնդելու շրջագիծին մէջ երէկ ձերբակալեց սուրիացի Օ. Զ.-ն, որ անդամ էր զինեալ խմբաւորումի մը եւ կը զբաղէր զէնքի մաքսանենգումով:
Հարցաքննութեան ընթացքին ձերբակալեալը խոստովանած էր, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներուն զէնք եւ զինամթերք ապահոված է:
Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը հարաւային Լիբանանի մէջ կատարեց խուզարկումներ:
Իր կարգին, լիբանանեան բանակը Պապ Թըպպանէի մէջ կատարեց խուզարկումներ` ձերբակալելու համար շարք մը ամբաստանեալներ:
Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան համաձայն, բանակը Պրիթելի մէջ ձերբակալած է Ասաատ Տըքքօ անունով քաղաքացի մը, որ մասնակցած էր ահաբեկչական գործողութիւններու:


