
26 հոկտեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ) եւ Փիեռ Անտրիոն (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Այս մասին հաղորդած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Զրուցակիցները քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային գործընթացի ներկայ հանգրուանն ու հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր:
Համանախագահները Հայաստանի նախագահին ներկայացուցած են այցելութեան առաքելութեան ծիրին մէջ յառաջիկայ օրերու իրենց ծրագիրը, որուն մէջ` այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ, այնուհետեւ` Ազրպէյճան:
Հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի նախագահը կոչ ուղղած է հետեւողական ըլլալու Հայաստանի հետ սահմանին եւ Արցախի հետ շփման գիծին մէջ զինադադարի կոպիտ խախտումներու հետաքննութեան եւ դատապարտման իմաստով, որ, հանրապետութեան նախագահին համոզմամբ, չափազանց կարեւոր է զինադադարի դրութեան պահպանման, խախտումներու բացառման առումով:


