
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ապահովական մարմինները ձախողութեան մատնեցին դէպի Սէուտական Արաբիա թմրեցուցիչի հսկայական քանակ մը մաքսանենգելու փորձ մը, երբ սէուտցի Ապտելմուհսեն պըն Ուալիտ պըն Ապտելազիզ իշխանի անձնական օդանաւին մէջ յայտնաբերեցին 2 թոն «Քափթակոն» տիպի թմրեցուցիչի դեղահատեր:
Աղբիւրներ լիբանանեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ 280 միլիոն տոլար արժողութեամբ 12 միլիոն դեղահատերը զետեղուած էին 25 տուփերու եւ 6 պայուսակներու մէջ: Աղբիւրները նշեցին, որ Պէյրութի օդակայանին մէջ նման յայտնաբերումը իր տեսակին մէջ մինչեւ օրս մեծագոյնն է:
Օդանաւը կը պատրաստուէր թռիչք կատարել դէպի Ռիատ:
Լեռնալիբանանի ընդհանուր դատախազ Տանի Շրապիյէ հարցաքննեց սէուտցի իշխանն ու անոր հինգ ընկերակիցները, ապա հրամայեց զանոնք փոխանցել արդարադատութեան:


