Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան` պատասխանելով ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, ըսաւ, որ «Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրի գործադրութիւնը մեր պահանջն է»:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ յոյս յայտնեց, որ Պեքաայի աղբանոցը ստեղծելու համար հաւանութիւն տրուի` աւելցնելով, որ համաձայնութեան յայտնուելէն քանի մը ժամ ետք առողջապահական չափանիշներով այդ աղբանոցը պատրաստելու աշխատանքները պիտի սկսին:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ իրենք սուտ վկաներ պիտի չըլլան եւ պիտի չմնան այնպիսի կառավարութեան մը մէջ, որ չի գործեր:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց կեցուածքներով պատասխանատու են Լիբանանի բարձունքներուն վրայ հաւատադրժողական խմբաւորումներու զինեալներուն դիւրաւ տարածումին:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երեսփոխանական պլոքներու նախագահները տեղեակ պահեց, որ Միջազգային դրամատունը զգուշացուցած է զիրենք, թէ կրնայ ջնջել Լիբանանի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներու համար ճշդուած վարկերը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Քերիմ Բագրատունի շեշտեց, որ կառավարութենէն եւ երկխօսութեան նիստէն հրաժարելու իմաստով ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի կեցուածքը անձնական կեցուածք չէ, այլ` կապուած է Մուսթաքպալ հոսանքին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ կառավարութեան որդեգրած չէզոք մնալու քաղաքականութիւնը դաւաճանութիւն է` աւելցնելով, որ Համաշխարհային Գ. պատերազմը արդէն իսկ իր ընթացքին մէջ է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ղազի Արիտի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ տագնապին լուծումը կարելի պիտի ըլլայ միայն քաղաքական համաձայնութեամբ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ բռնկած պատերազմին նպատակը ամբողջ շրջանին քանդումն ու մասնատումն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ եթէ երեքշաբթի օրուան խորհրդարանական նիստին ընթացքին աշխատանք տարուի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանին հանրօգուտ շինութեանց յանձնախումբի նախագահ չընտրելու, ապա իրենք պիտի աշխատին, որ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ելեւմուտքի յանձնախումբի նախագահ չընտրուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ սէուտական իշխանութիւնները յանձնառու են Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու երկրին ազգային միասնականութիւնը պահպանելու:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան մասին կատարուած յայտարարութիւնները անհեթեթ են եւ կրնան ապարդիւն դուրս գալ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Պեքաայի պատասխանատու Մոհամետ Եաղի շեշտեց, որ երկխօսութեան ընթացքին խոչընդոտումը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան տեղեկատուութեան գրասենեակի պատասխանատու Սեսին Սեսին յայտնեց, որ եթէ Հըզպալլա կառչած կը մնայ կառավարութեան աշխատանքը շարունակելու, ապա ան պէտք է ներկայ գտնուի անոր նիստերուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ ազգային երկխօսութեան եւ կառավարութեան նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելը Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ քննարկումի ընթացքին մէջ է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան երկխօսութեան` իբրեւ անփոխարինելի միջոց նուազեցնելու համար տիրող լարուածութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող հարցերը ներկայ հանգրուանին լուծման կարելիութիւն չունին:

 

 

Նախորդը

«Ասատի Իշխանութեան Վրայ Մնալը Կամ Չմնալը Կ՛որոշէ Սուրիացի Ժողովուրդը» Կ՛ըսէ Գահիրէ

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորը Յանձնառու Է Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց  Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու  Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը  Ամբողջացնել
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը Ամբողջացնել

October 23, 2026
Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն.  «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը  Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»

October 23, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Լիբանան Ներկայիս Չի Տոկար Որեւօ Թղթածրարի Արծարծման, Որ Ներքին Լարուածութիւններ Կը Ստեղծէ»

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.