Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոփով Ըսած Է, Որ Առանց Սահմանի Միջադէպերու Հետաքննութեան Մեքանիզմի Կարելի Չէ Ճշդել Մեղաւոր Կողմը

October 17, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Popov_10-16-15

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով ԱՓԱ լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ո՛չ ԵԱՀԿ-ի համանախագահները, ո՛չ դէտերը, որոնք կը գտնուին տագնապի գօտիին մէջ, կարելիութիւն ունին ճշդելու, թէ ո՛վ է մեղաւորը, առանց ղարաբաղեան գօտիին մէջ տեղի ունեցած միջադէպերու համապատասխան հետաքննութեան:

Ըստ անոր, տագնապի կողմերը բազմիցս յայտարարած են տագնապը լուծելու, վիճայարոյց հարցերը խաղաղ ուղիով լուծելու իրենց ձգտումին մասին: Սակայն վերջերս ակնյայտ է սահմանին եւ շփման գիծին վրայ զինուած տագնապին աշխուժացումը` հրետանիի, խոշոր տրամաչափի գնդացիրներու, համազարկային հրթիռային կայանքներու կիրարկումով: Նկատելիօրէն աւելցած է կորուստներուն թիւը, որոնց մէջ` քաղաքացիներունը: Ընդ որում, զինադադարի խախտման համար աւանդաբար կողմերը պատասխանատուութիւնը կը բարդեն մէկզմէկու վրայ:

«Սակայն, ո՛չ ԵԱՀԿ-ի համանախագահները, ո՛չ դէտերը կարելիութիւն ունին մեղաւորները բացայայտելու առանց ղարաբաղեան գօտիին մէջ տեղի ունեցած միջադէպերու համապատասխան հետաքննութեան: Ուստի մեր «եռեակը», դեսպան Քասփրչիքի հետ միասին, մշակած է եւ նախագահներուն ներկայացուցած զինեալ դէպքերու հետաքննութիւններու կատարման մեքանիզմի նախագիծը: Յունուար 2012-ին Սոչիի մէջ եռակողմ վեհաժողովին ընթացքին կատարուած քննարկումէն ետք նախագահները յանձնարարեցին համանախագահներուն` այդ ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակել: Մեքանիզմի մշակումը վերջնականացաւ ԵԱՀԿ-ի զինուորական  փորձագէտներուն մասնակցութեամբ եւ յանձնուեցաւ կողմերուն: Կը կարծեմ, որ ասոր գործնական կիրարկումը առիթ պիտի տայ պատասխանելու այդ հարցին», ըսած է միջնորդը` աւելցնելով, որ նման մեքանիզմի մը առկայութիւնը կը ստիպէ անգամ մը եւս մտածել զինադադարի դրութեան խախտումէն առաջ:

«Եթէ վստահութեան միջոցներու ամրապնդման մասին խօսելու ըլլանք, ապա պէտք չէ սահմանափակուիլ միայն զինուորական մարզով: Ժամանակին ռուսական միջնորդութեան գործօն աջակցութեամբ կողմերը պայմանաւորուեցան նպաստել մարդասիրական յարաբերութիւններու զարգացման: Անոնք կը մեկնէին այն երեւոյթէն, որ մտաւորականներու, գիտական եւ հասարակական շրջանակներու միջեւ երկխօսութեան հաստատումը կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ բանակցութիւններուն մթնոլորտին վրայ: Նման քանի մը հանդիպում կայացաւ: Կարելի չէ ըսել, որ միշտ ամէն ինչ յաջողած է: Եղած են արդիւնաւէտ քննարկումներ, նաեւ անյաջողութիւններ: Կը կարծեմ, թէ կարեւոր է խուսափիլ նման յարաբերութիւններու քաղաքականացումէն` զայն հաշուեյարդարի հարթակի չվերածելու համար», յայտնած է ռուս դիւանագէտը:

Ան նաեւ նշած է, թէ ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ խաղաղապահներու տեղակայման հարց կրնայ ծագիլ, երբ ձեռք բերուին հիմնական պայմանաւորուածութիւնները: «Խաղաղապահներու տեղակայման պէտք է նախորդէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւը, ինչպէս որ նախատեսուած է ԵԱՀԿ-ի Պուտափեշթեան վեհաժողովին որոշումով: Խաղաղապահ զօրակազմերուն մասնակից երկիրներու ընտրութիւնը պէտք է կատարուի բացառապէս տագնապի կողմերուն համաձայնութեամբ», ըսած է Փոփով:

 

 

Նախորդը

Յովիկ Աբրահամեան Ընդունած Է Եւրասիական Զարգացման Դրամատան Վարչութեան Նախագահը

Յաջորդը

Ռոպըրթսըն Եւ Քլունի Կը Յայտարարեն. «Թուրքիան Այլեւս Պիտի Չկարենայ Մէջբերել Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Վճիռը, Երբ Ուզէ Կասկածի Տակ Դնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը»

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.