Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստեփանակերտի «Սօսէ» Մանկապարտէզի Շինարարութեան Համար` 647 Հազար Տոլար

October 14, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ Արցախ այցելած ՀՕՄ-ականներուն ի պատիւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը կազմակերպած էր պաշտօնական ճաշկերոյթ-դրամահաւաք` Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի կառուցման նպատակով:

Ճաշկերոյթին ներկայ էին Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արթուր Աղաբեկեան, Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներ եւ այլ անձնաւորութիւններ:

«Սօսէ» մանկապարտէզի շինարարութեան նպատակով կազմակերպուած դրամահաւաք-ճաշկերոյթին հաւաքուած է անհրաժեշտ գումարին կէսէն աւելին` 647 հազար տոլար: Ճաշկերոյթին ամբողջ հասոյթը յատկացուած է  ՀՕՄ-ի Ստեփանակերտի «Սօսէ»  մանկապարտէզի կառուցման:

Ձեռնարկին ընթացքին ՀՕՄ-ականները եւս կատարած են նուիրատուութիւններ, որոնք պիտի տրամադրուին նոյն նպատակին:

«Ապառաժ»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՕՄ-ի արեւելեան ափի գրասենեակի պատասխանատու եւ «Սօսէ»  մանկապարտէզի շինարարութեան յանձնախումբի նախագահ Անժել Մանուկեան նշած է, որ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը 3 ամիսէ ի վեր քարոզչական աշխատանքներ կը տանի աշխարհի ՀՕՄ-ի բոլոր կառոյցներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ այս արդիւնքին հասնիլ:

«ՀՕՄ-ուհիներուս համար պատիւ է Ստեփանակերտի մէջ ունենալ արդիական պահանջներով յագեցած մանկապարտէզ: Մենք ջանք ու եռանդ պիտի չխնայենք Արցախի «Սօսէ» 12 մանկապարտէզներու  ցանցի  վերանորոգման ծրագիրը շարունակական դարձնելու համար»,  յայտնած է Ա. Մանուկեան` աւելցնելով, որ երկու տարի ետք` 2017  թուականին, ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցներու ներկայացուցիչները պիտի համախմբուին Արցախի մէջ` տօնակատարելու «Սօսէ» մանկապարտէզի նոր շէնքին բացումը:

ՀՕՄ-Ականներ Այցելած Են ՀՅԴԱրցախի
«
Նիկոլ Դուման» Կեդրոն

hom1_10-13-15

13 հոկտեմբերին Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Վիքի Մարաշլեան, նորընտիր ատենապետ Քարոլին Շմաւոնեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի շինարարութեան համար կեանքի կոչուած դրամահաւաքի յանձնախումբի անդամներ Հուրի Նաճարեան եւ Անժել Մանուկեան այցելած են Ստեփանակերտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոն:

Անոնք հանդիպում ունեցած են ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արթուր Աղաբեկեանի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Սարգսեանի եւ Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է ՀՅԴ քոյր կառոյցի` ՀՕՄ-ի հետ փոխադարձ համագործակցութեան, յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպում Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հետ

hom_10-13-15

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 12 հոկտեմբերին հանդիպում  ունեցած է ՀՕՄ-ի 71-րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովի անդամներուն հետ` ատենապետ Քարոլին Շմաւոնեանի գլխաւորութեամբ:

Նախագահը բարձր գնահատած է ՀՕՄ-ի դերակատարութիւնը համահայկական տարբեր ծրագիրներու իրականացման եւ Արցախին ցուցաբերուող մնայուն աջակցութեան համար:

Նախագահ Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Վիքի Մարաշլեանին եւ Արցախի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար զինք պարգեւատրած է «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալով:

Նախագահը յաջողութիւն մաղթած է նորընտիր ատենապետ  Քարոլին Շմաւոնեանին` իր պատասխանատու աշխատանքին մէջ:

 

 

Նախորդը

Իտալական Մարքէի Նահանգային Խորհուրդը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Իրանի Առաջին Փոխնախագահը Հայաստան Կ՛այցելէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.