Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Ռումանիա

October 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_Romania_10-12-15

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Ռումանիա, ուր դիմաւորուեցաւ ռումանացի իր պաշտօնակիցին` Վալերիու Զեկոնիի, Ռումանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռանա Մքատտեմի եւ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Կը նախատեսուի, որ Պըրրի հանդիպումներ ունենայ Ռումանիոյ նախագահ Քլաուս Այոհանիսի եւ վարչապետ Վիքթոր Փոնթայի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Օդակայանին մէջ Պըրրի վերահաստատեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը` զայն նկատելով երկրին յոյսի միակ նշոյլը:

Պըրրի յուսախաբութիւն յայտնեց Լիբանանի դիմագրաւած աղբի տագնապին  առումով` աւելցնելով, որ իր մտավախութիւնը այն է, թէ պիտի հասնին հանգրուանի մը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր շրջան աղբի հարցի լուծման իր ծրագիրը պիտի ունենայ:

Նշենք, որ Պըրրի նախանցեալ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 եւ թիւ 1701 բանաձեւերուն գործադրութեան ընթացքին հետեւող ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Թերի Ռոտ Լարսընէն:

Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ Պըրրի Լարսընին յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքին իմաստով որոշ նորութիւն մը չէ արձանագրուած` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդին եւ խորհրդարանին աշխատանքները աշխուժացնելու առիթ մը գոյութիւն ունէր` զինուորականներու աստիճանները բարձրացնելու վերաբերող համաձայնութեան ծրագիրի մը ընդմէջէն, սակայն այդ ծրագիրը ձախողեցաւ եւ ինքնաբերաբար այդ առիթը կորսուեցաւ:

Պըրրի շեշտեց, որ երկխօսութիւնը ապահովական կայունութիւնը պահպանող հիմնական միջոց է` աւելցնելով, որ երկխօսութեան իմաստով արձանագրուած յառաջդիմութիւնը շատ դանդաղ է:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Աղբի Տագնապին Յատուկ Նիստի Մը

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հոկտեմբերի Վերջաւորութեան Պիտի Այցելեն Հայաստան Եւ Ազրպէյճան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.