Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Շեհայէպի Եւ Մաշնուքի Հետ Քննարկեց Աղբի Տագնապին Լուծման Կարելիութիւնները

October 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մաշնուք, Սալամ եւ Շեհայէպ
Մաշնուք, Սալամ եւ Շեհայէպ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ երկրագործութեան եւ ներքին գործոց նախարարներ Աքրամ Շեհայէպի եւ Նուհատ Մաշնուքի հետ` ներկայութեամբ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի:

Քննարկուեցան աղբի տագնապին լուծման կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ իրենց հանդիպումները պիտի շարունակուին` աւելցնելով, որ վարչապետ Սալամի փոխանցած է Աքքարի հեղինակութիւններուն հետ աղբանոցի բացման բանակցութեանց արդիւնքները:

Շեհայէպ յոյս յայտնեց, որ յաջորդ շաբթուան ընթացքին Սրարի աղբանոցին բացման առումով գործնական քայլեր որդեգրուին:

«Աղբի տագնապին լուծման աշխատանքը լուրջ աշխատանք է եւ կը յուսանք, որ այդ իմաստով դրական արդիւնքներ արձանագրուին», ըսաւ Շեհայէպ:

Ան նշեց, որ իրենք ճշդած են աղբանոցներուն վայրերը եւ նախնական համաձայնութեան կը սպասեն աշխատանքը սկսելու իմաստով:

Շեհայէպ աւելցուց, որ աղբի տագնապին լուծման առումով կառավարութեան կեցուածքը յստակ է` աւելցնելով, որ երբ ամէն բան պատրաստ ըլլայ, վարչապետ Սալամ կառավարութիւնը պիտի հրաւիրէ նիստի:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Հարպ յայտնեց, որ քննարկուած է նաեւ երկրին պետական հաստատութիւններուն իրավիճակը` նշելով, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտուած է աղբի տագնապին լուծման առաջնահերթութիւնը եւ աւելցնելով, որ վարչապետ Սալամ որոշած է աղբի տագնապին լուծման գծով կառավարութեան վաւերացուցած ծրագիրը գործադրել:

Հարպ անդրադարձաւ ազգային երկխօսութեան նիստին` շեշտելով, որ եթէ երկխօսութեան պատճառով կառավարութեան աշխատանքները պիտի տուժեն, ապա իրենք վերջ պիտի տան երկխօսութեան նիստին իրենց մասնակցութեան:

ՄԻՒՍ կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, նախանցեալ երեկոյեան երկխօսութեան նիստին աւարտին վարչապետ Սալամ շեշտած է, որ ինք այս ընթացքով չի կրնար շարունակել իր աշխատանքները:

 

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ Ընդունեց Արեւելքի Քրիստոնեաները Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Եւ Սուրիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Ասուատ Եւ Ժարրահ Հարցաքննութեան Կը Կանչուին, Իսկ Խորհրդարանը Կը Մերժէ Ընդառաջել Դատական Ատեանին Պահանջին

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
Աուն-Մաքրոն Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Մաքրոն Հանդիպում

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.