Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի գնդապետ Մարուն Քպէյաթին նշանակեց բանակի մասնայատուկ ուժերու հրամանատար, գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզի փոխարէն:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարութիւնը զգուշացուց ոչ լիբանանցի վարորդները նման աշխատանք մը ստանձնելէ` շեշտելով, որ վարորդի աշխատանքը միայն լիբանանցի քաղաքացիներուն իրաւունքն է: Նախարարութիւնը զգուշացուց նաեւ ոչ լիբանանցի վարորդներու աշխատանքի առիթ տուած ընկերութիւններն ու հաստատութիւնները եւ անոնց 15 օրուան պայմանաժամ ճշդեց` լուծելու իրենց հարցերը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ երկխօսութեան կլոր սեղանը լիբանանցիներուն դէմ գործուած խուսանաւում մըն է, այլ խօսքով` «սուտի սեղան»:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարի նշանակումը համազօր դարձած է ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահի նշանակումին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ Լիբանան հասած մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականները Լիբանան չեն եկած Սուրիա վերադառնալու միտումով, իսկ անոնց գոյութիւնը ամէն իմաստով կրնայ վնասել երկրին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պէտք է ներում հայցէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ իր կատարած յայտարարութիւններուն համար:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի հաստատեց, որ Պեքաայի մէջ նոր աղբանոց մը կառուցելու իմաստով կատարեալ գաղտնապահութիւն կը տիրէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը պէտք է արտակարգ իրավիճակ յայտարարէ եւ ամէնօրեայ դրութեամբ նիստեր գումարէ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Այն Թինէի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ տեղի ունեցած երկխօսութեան ընթացքին քննարկուած են զինուորական աստիճաններու բարձրացումին վերաբերող հարցեր` ընդգծելով կառավարութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ ռմբակոծումները անբաւարար են մաքրագործելու ահաբեկչութիւնը` աւելցնելով, որ սուրիական բանակին կողմէ ցամաքային գործողութիւնները անհրաժեշտ է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան նոր դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս շեշտեց, որ երկխօսութեան յետաձգումը երկրին իշխանութիւններուն պառակտուած ըլլալուն ցուցանիշներէն մէկն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ կայ քաղաքական կողմ մը, որուն համար սովորութիւն դարձած է իբրեւ միլիս ապրիլ խորհրդարանին մէջ:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի անհրաժեշտ նկատեց, որ բանակին տրամադրութիւնը բարձր պահուի` նկատի ունենալով, որ անիկա լիբանանեան պետութեան ողնասիւնն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Մէջ Մեր Բոլոր Քայլերուն Վերջնական Նպատակը Քաղաքական Լուծումն Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Հըզպալլա Խստացուցած Է Իր Հսկողութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.