Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Եւ Փրկեա Զմեզ Ի Կալանքներէ (1)

October 8, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Հայաստան այցելող ոեւէ զբօսաշրջիկ գլխաւոր ճանապարհներու վրայ կը տեսնէ ինքնաշարժներու արագութիւնը չափող յատուկ սարքեր, իսկ Երեւանի խաչմերուկներուն տեղադրուած` ինքնաշարժներու երթեւեկութիւնը նկարող քամերաներ: Արագութեան արտօնուած սահմանը կամ երթեւեկութեան կանոնները խախտող վարորդները կը նկարուին այս սարքերուն միջոցով եւ ենթարկուին համապատասխան տուգանքներու:

Այս սարքերուն սեփականատիրոջ եւ անոնցմէ եկող եկամուտներուն մասին ճիշդ ու սխալ շատ բան կը խօսուի քաղաքին մէջ: Այլոք շարունակաբար կը բողոքեն, որ օրէ օր բազմացող այս քամերաները կը խախտեն մարդու անձնականութեան իրաւունքը (privacy), որովհետեւ անոնք ամէն տեղ են եւ ամէն րոպէ կրնան հետեւիլ քաղաքացիներու շարժումներուն եւ նկարել անոնց երթուդարձը:

Երկար ժամանակ այս խօսակցութիւններով շատ չէի հետաքրքրուած. ի վերջոյ, քաղաքացիներուն գրպանը նոր հնարքներով դատարկելու կառավարութեան նախաձեռնութիւնները զարմանք չեն պատճառեր այլեւս, իսկ մենք հայերս ե՜րբ անձնականութեան իրաւունք ունեցած ենք, որ հիմա այդ իրաւունքի ոտնահարման մասին մտածեմ: Privacy-ի ճշգրիտ իմաստը արտայայտող բառ նոյնիսկ գոյութիւն չունի մեր այլապէս հարուստ լեզուին մէջ…

Բայց անցնող քանի մը շաբաթներուն, կամայ ակամայ, ես ալ տարուեցայ նկարող սարքերու մասին խօսակցութիւններով եւ պատրաստ եմ ձայնս միացնելու բողոքող քաղաքացիներու ձայնին, որովհետեւ ձեւով մը պատանդը դարձած եմ այս քամերաներու տուգանքներէն յառաջացած շփոթեցնող եւ անտեղի գլխացաւանք պատճառող խճճուած հարցերուն:

Պատմութիւնը սկսաւ մօտ երկու շաբաթ առաջ, երբ դրամատուն գացեր էի քանի մը գործարքներ կատարելու համար: Պատուհանին ետեւ նստած քաղաքավար ու կիրթ պաշտօնեան, ակնոցին տակէն համակարգիչի պաստառին մի քանի րոպէ ուշադիր, բայց զարմացած նայելէ ետք ըսաւ,

– Պարո՛ն Տուտագլեան, բայց ձեր հաշիւների վրայ կալանք կայ դրուած ԴԱՀԿ-ի կողմից (ԴԱՀԿ-ն Դատական ակտերի հարկադիր կատարման ծառայութիւնն է, այսինքն` դատարաններու որոշումները պարտադրողը).

– Ի՞նչ կալանք,- բարձրաձայն եւ ակնյայտօրէն մտահոգ հարց տուի ես:

– Այո՛, այո՛,- ըսաւ պաշտօնեան, ակնոցը վեր բարձրացուց եւ գլուխը աւելի մօտեցնելով համակարգիչի պաստառին` շարունակեց.

– 45 հազար դրամի չափով կալանք է դրուել, մի հատ ստուգեմ… հա՛, աւտոմեքենայի կալանք է, խախտում էք առել երեւի եւ չէք վճարել, պարո՛ն Տուտագլեան…

– Բայց ես գրեթէ երկու տարի է աւտոմեքենայ չունիմ, առանց ինքնաշարժի ինչպէ՞ս կրնամ խախտում ընել, հաւանաբար սխալմունք է, խնդրեմ` մի հատ ստուգէք էլի՛,- ըսի ես` սովորութեան պէս կէս արեւելահայերէն, կէս արեւմտահայերէն խօսելով:

Պաշտօնեան ակնոցը հանեց, գրասեղանին վրայէն կտոր մը թուղթ վերցուց ու պաստառին նայելով` սկսաւ թիւեր գրել:

– Այստեղ գրել եմ խախտման ակտերի համարները: 4 խախտում ունէք, պարո՛ն Տուտագլեան, պէտք է գնաք ԴԱՀԿ կամ ճանապարհային ոստիկանութիւն եւ ստուգէք, թէ ի՛նչ խախտումներ են արուել ու չեն վճարուել: Խնդրեմ` չուշացնէք, կարող են ուշացման դէպքում տուգանքները աւելանալ: Ես աւելին չեմ կարող անել, յաջողութիւն ձեզ,- ըսաւ բարեացակամ պաշտօնեան եւ իր մօտ կանչեց շարքի մէջ կանգնած յաջորդ յաճախորդը:

Ա՜յ քեզ փորձանք, մտածեցի ես, թուղթի կտորը դրի գրպանս եւ դրամատունէն դուրս գալով, մտահոգ ու բարկացած, յիշեցի հին հայկական իմաստուն առածը` կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ…

Այս մասին` յաջորդ նամակով:

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Յաջորդը

Յարութիւն Քիւրքճեանի Այցելութիւնը «Ազդակ»

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.