
Կիրակի 4 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի 80-ամեակին առիթով եւ վաստակաշատ մարզիչ Միհրան Արզումանեանի` Մինոյի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի բարեկամական մրցում մը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վեթերան մարզիկներուն եւ Լիբանանի վեթերան աստղ մարզիկներուն միջեւ: Մրցումը տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական, Լիբանանի Շրջանային եւ քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն, մարզիկներու, սկաուտներու եւ համակիրներու:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական շեփորախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի ու «Յառաջ նահատակ» քայլերգներուն յոտընկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Յակոբ Չըպլաքեան, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք կազմակերպող ու մասնակցող անհատներուն, խոստացաւ շարունակել մասնաճիւղի 80-ամեայ աւանդն ու գործունէութիւնը` յանուն ՀՄԸՄ-ի գաղափարախօսութեան եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան:

Ապա սկիզբ առաւ բարեկամական մրցումը, որ ընթացաւ ընկերային բարձր ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ եւ վերջ գտաւ յօգուտ Լիբանանի աստղերու խումբին: Որքա՜ն հաճելի էր տեսնել ՀՄԸՄ-ի վահանը հայ թէ օտար մարզիկներու կուրծքերուն վրայ: Որքա՜ն իմաստալից էր այն պատկերը, որ տարբեր միութիւններէ ու միջավայրերէ եկող մարզիկներ համախմբուած էին` յարգելու համար մասնաճիւղի մը հիմնադրութեան 80-րդ տարեդարձն ու վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ականի մը յիշատակը: Տեղին է նշել նաեւ, որ դադարի ընթացքին տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն մը, որ կ՛ամփոփէր Միհրան Արզումանեանի մարզական կեանքն ու վաստակը:
Մրցումին աւարտին Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ժաք Ղազարեան յուշանուէր մը յանձնեց Մինոյին եղբօրորդիին, ինչպէս նաեւ ախոյեանութեան տիտղոսը` յաղթական խումբին:
80-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, մէկ օր առաջ, շաբաթ, 3 հոկտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէին փինկ-փոնկի ախոյեան Հայկ Աշքարեանին նուիրուած մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ: Մրցաշարքը բաժնուած էր տարիքային ու սեռային չորս խումբերու, որուն կը մասնակցէին 50 մարզիկներ` ՀՄԸՄ-ի քոյր մասնաճիւղերէ, հայկական եւ տեղական միութիւններէ, ինչպէս նաեւ լիբանանաբնակ հալէպահայ ու քեսապահայ մարզիկներէ: Մրցաշարքին իր պատուական ներկայութիւնը կը բերէր նաեւ նոյնինքն Հայկ Աշքարեան, որուն նուիրուած էր այդ օրը` առ ի երախտագիտութիւն իր ձեռք բերած յաղթանակներուն ու միութենական գործունէութեան:
Նախքան մրցումը, մասնաճիւղի փինկ-փոնկի յանձնախումբի անունով Ժաք Պէրպէրեան բարի գալուստի խօսք մը ուղղեց ներկաներուն եւ բացատրեց մրցաշարքին նպատակը: Ապա սկիզբ առաւ մրցաշարքը, որուն աւարտին Հայկ Աշքարեան կատարեց մետալներու եւ տիտղոսներու բաշխումը, իսկ մասնաճիւղի ատենապետ Ժաք Ղազարեան յիշատակի նուէր մը յանձնեց Աշքարեանին: Տիրող մթնոլորտը տօնական էր, իսկ մասնակցող մարզիկները` ուրախ ու ոգեւորուած:
Երկու օրերու վրայ երկարող զոյգ մրցաշարքերը եկան անգամ մը եւս հաստատելու, որ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը իր 80-ամեայ փորձառութեամբ ու կենսունակութեամբ կը շարունակէ ծառայել այս առիթով որդեգրուած «Մասնաճիւղիս հետ, միութեանս համար» կարգախօսին համաձայն:


