Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Հայկական Կողմին Ձեռնարկած Քայլերը Պիտի Ըլլան Աւելի Զօրաւոր, Հետեւանքները Ցաւոտ»

October 5, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

bash_10-04-15

2-էն 3 հոկտեմբերի լուսցող գիշերուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է շուրջ 130 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 (107 արկ) եւ 82 (16 արկ) միլլիմեթրնոց ականանետերէ ու ՀԱՆ-17 (70 արկ) տիպի նռնականետէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 2000 կրակոց:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցումով, պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք` հակառակորդին նախայարձակ գործողութիւնները կասեցուած են, պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չունի:

Ամփոփելով շփման գիծին վրայ անցած մէկ շաբաթը, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ 27 սեպտեմբերէն 3 հոկտեմբերի ժամանակաշրջանին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը  խախտուած է շուրջ 900 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60, 82 եւ 120 միլլիմեթրնոց ականանետերէ եւ Ռպ.-7, Սպ.-9 եւ Հան-17 տիպի նռնականետերէ, հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 9000 կրակոց:

Նշուած ժամանակաշրջանին հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ հակառակորդը կիրարկած է ԹՐ-107 տիպի հեռահար հրթիռահրետանային կայանք: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին փոխանցումով, պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն իրադրութեան եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը դիմեն  կանխարգելիչ եւ պատժիչ գործողութիւններու:

Ընդհանուր առմամբ, սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է շուրջ 4000 անգամ, որուն ընթացքին հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 60.000 կրակոց:

«Հակառակորդի ոչ մէկ նախայարձակ գործողութիւն անպատիժ մնացած է, իսկ իրերու նման դասաւորութեան շարունակութեան պարագային հայկական կողմին ձեռնարկած քայլերը պիտի ըլլան աւելի զօրաւոր, հետեւանքները` ցաւոտ», նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Աշխատանքային Այցելութիւն` Ս. Փեթերսպուրկ

Յաջորդը

Նշելով, Որ Հայաստանի Բանակը Լիովին Ունակ Է Ապահովելու Երկրին Անվտանգութիւնը. Պորտիւժա. «Ազրպէյճանի Կողմէ Խաղաղ Բնակչութեան Ռմբակոծումը Մեզի Համար Անընդունելի Է»

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.