Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԲԱՆԱԿԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱՄՈՒԽ ՉԴԱՐՁՆԵԼՈՒ

August 24, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ նախանցեալ օր երեսփոխան մը իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձած է լիբանանեան բանակին եւ անոր հրամանատարութեան` անոնց հասցէին ուղղելով շարք մը վարկաբեկիչ խօսքեր, որոնք երբեք վայել չեն բանակին եւ անոր հրամանատարութեան, ընդհակառակն` անոնք կը միտին երկրին մէջ համայնքային եւ յարանուանական խլրտումներ պատճառել:

«Նոյն երեսփոխանին կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ լիբանանեան բանակը իրաւունք չունի միջամտելու, երբ ապահովական միջադէպեր պատահին եւ կրակոց արձանագրուի, նպատակ ունի կոչ ուղղելու խուլիկաններուն, որ նման քայլերու նախաձեռնեն եւ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը վտանգեն: Սակայն պէտք է նշել, որ վերոնշեալ յայտարարութիւնները կատարող երեսփոխանին թիկնապահներէն մէկը բռնուած էր, երբ ան իր անձնական ատրճանակը կը մաքրէր 17 օգոստոս 2011-ին, Աքքարի Այյաթ գիւղաքաղաքին մէջ իֆթարի մը ընթացքին ներկաներուն վրայ արձակուած կրակոցներէն ետք, որոնց զոհ գացած էր շէյխ մը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Ղոսըն հաստատեց, որ բանակի զինուորներուն ուղղուած գրգռութեան կոչերը ոչ մէկ ձեւով կը վտանգեն լիբանանեան բանակին կառոյցը: Ան նկատել տուաւ, որ բանակը կը հետեւի իր հրամանատարութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան իր գաղափարներուն ու համոզումին նուիրուած կը մնայ` մերժելով խախտել բանակին միասնականութիւնը, «հետեւաբար` նման նենգ փորձեր աւելորդ են», ընդգծեց Ղոսըն:

Պաշտպանութեան նախարարը նաեւ հաստատեց, որ նախարարութիւնը վերոնշեալ յայտարարութիւնները կը յանձնէ խորհրդարանի նախագահին ուշադրութեան, ինչպէս նաեւ ինքնիրեն կը վերապահէ այդ տեղեկութիւնները ընդհանուր դատախազութեան յանձնելու իրաւունքն ու առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ կը խնդրէ խնդրոյ առարկայ երեսփոխանէն բանակը քաղաքական նպատակներու իրագործման հարցերուն միջամուխ չդարձնել:

 

 

Նախորդը

ՇԱՐՊԵԼ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ ԶԳԱՅՈՒՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ»

Յաջորդը

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՄԼՈՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՍՈՒԼԻՍ` ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏԻ ԵՒ ԺՐԱՅՍԱԹԻԻ ԿՈՂՄԷ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։