Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՇԱՐՊԵԼ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ ԶԳԱՅՈՒՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ»

August 24, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախարար Շարպել կը զեկուցէ պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի անդամներուն

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Խմբագիրներու սենտիքայի անդամներուն եւ անոնց խորհրդատուներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Շարպել յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ զգայուն հանգրուան մը, որ կ՛ենթադրէ մտերիմ գործակցութիւն` քաղաքական պատասխանատուներուն, լրագրողներուն եւ տեղեկատուական մարզի բոլոր ներկայացուցիչներուն միջեւ: Ան կոչ ուղղեց Խմբագիրներու սենտիքային նախաձեռնելու խորհրդաժողովի մը եւ լիբանանեան բոլոր լրատուամիջոցներուն եւ մամուլին ներկայացուցիչները  հրաւիրելու, որպէսզի քաղաքական բոլոր թեւերը ներկայացնող լրագրողներուն ներկայութեան պարզաբանուին երկրին դիմագրաւած հարցերը: «Բոլորս ալ կը գտնուինք մէկ նաւու մէջ, եւ եթէ այդ նաւը ընկղմի, բոլորս կ՛ընկղմինք», ըսաւ Շարպել:

Անդրադառնալով Անթիլիասի պայթումին` ներքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ այդ հարցը անձնական է երկու զոհերուն միջեւ: Ան նշեց, որ պայթած ձեռնառումբին զոհ գացած քաղաքացիները իրարու միջեւ նիւթական հարցեր ունեցած են եւ այդ պատճառով ալ արձանագրուած է պայթումը:

«Ոստիկանութեան եւ դատական իշխանութիւններուն բացած հետաքննութիւնը փաստեց այս իրականութիւնը, հակառակ այն իրականութեան, որ ինծի դէմ լուրջ արշաւ մղուեցաւ», ըսաւ Շարպել:

Ակնարկելով «Թայմ» շաբաթաթերթին հրատարակած յօդուածին` Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Միջազգային դատական ատեանին միջեւ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը կը կատարուի ընդհանուր դատախազութեան խողովակով` աւելցնելով սակայն, որ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզայի կողմէ ներքին ապահովութեան ուժերուն օժանդակութիւնը խնդրելու պարագային անվարան օժանդակութիւն կը ցուցաբերուի եւ գործակցութիւնը կը հասնի իր գագաթնակէտին:

Շարպել կոչ ուղղեց զգուշանալու շրջանին, յատկապէս` Սուրիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն հետեւանքներէն. ան ընդգծեց, որ այս կացութիւնը պէտք է դիմագրաւել լիբանանեան ազգային միասնականութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել նաեւ Լիբանանի գերագոյն շահերը:

Միւս կողմէ, Շարպել ներկայ գտնուեցաւ նաեւ պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նիստին:

Երեսփոխան Սամիր Ժսըրի նախագահութեամբ գումարուած նիստին ընթացքին Շարպել զեկուցում մը ներկայացուց Լիբանանի մէջ վերջին հանգրուանին տիրող ապահովական կացութեան եւ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն մանրամասնութիւններուն մասին: Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ ապահովական առումով երկրին մէջ ստեղծուած իրարանցումին պատճառը հետաքննութեանց աւարտին չհասած կատարուող  մեկնաբանութիւններն են:

Նախորդը

ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԸ ՊԻՏԻ ՍԱՌԵՑՆԷ՞ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԲԱՆԱԿԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱՄՈՒԽ ՉԴԱՐՁՆԵԼՈՒ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։