Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ներկայացուցիչները Կը Մասնակցին Միջկրօնական Համագումարներու

September 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hamakoumar_9-21-15

Անցնող օրերու ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները մասնակցեցան երկու միջկրօնական ժողովներու, որոնք տեղի ունեցան Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ:

11-15 սեպտեմբեր 2015-ին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային միջկրօնական համագումար մը`  «Մամուլը` միջկրօնական երկխօսութեան վայր» խորագրով: Համագումարը կազմակերպուած էր Ապտուլլա թագաւորի Միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութեան միջազգային կեդրոնին (KAICIID) կողմէ, գործակցութեամբ  Ազհարի, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին եւ Յորդանանի թագաւորական Միջկրօնական ուսումնասիրութեանց կեդրոնին:

Համագումարը, որուն մասնակցեցան շուրջ 120 տարբեր կրօններու պատկանող եւ երկխօսութեան կեդրոններու մէջ աշխատող երիտասարդներ, նպատակ ունէր լուսարձակի տակ առնել մամուլի եւ ընկերային լրատուամիջոցներու անհրաժեշտ դերակատարութիւնը եւ անոր ուղիղ գործածութեան հրամայականը, քաջալերել համագոյակցութիւնը, հաստատել համաքաղաքացիութեան կարեւորութիւնը եւ դատապարտել կրօնքի անունով գործուած բռնութիւնը:

Hamakoumar1_9-21-15

Սոյն համագումարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Գէորգ Յակոբճեանն ու Անդրանիկ Մանուկեանը, որոնք իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերին համագումարի աշխատանքներուն:

7-9 սեպտեմբեր 2015-ին Լիբանանի Սայտէթ Ժապալ վանքին մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ համագումար մը` նուիրուած Միջին Արեւելքի մէջ «Անհայրենիքութեան» հարցին` դիտուած ընկերային, մարդկային իրաւանց եւ կրօնական տեսանկիւններէ (Ending Statelessness in the Middle East: Prevention, Reduction and Protectioն):  Սոյն համագումարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Սինթիա Արապկիրլեան: Նշենք, որ համագումարի կազմակերպութեան աշխատանքներուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ծառայութիւն եւ ընկերային արդարութիւն բաժանմունքի վարիչ` Սեդա Խտըշեանը:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միշել Քասարճի Եւ Ռուֆայէլ Թրապոլսի Եպիսկոպոսները

Յաջորդը

Հալէպահայութեան Առօրեայէն. Նոր Գիւղի Հրթիռակոծման Հետեւանքով Վիրաւորուած Են 4 Հայեր

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.