Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մովսէս Տէր Գալուստեանի Անուան Երիտասարդական Կեդրոնի Բացում

September 22, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

movses_9-21-15

Շաբաթ, 19 սեպտեմբերին Էրեբունի վարչական շրջանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Մուսա Լեռան հերոսական ինքնապաշտպանութեան զինուորական ղեկավար, հայկական լեգէոնի հերոս սպայ, ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ անդամ, սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ Մովսէս Տէր Գալուստեանի անուան երիտասարդական կեդրոնին, նաեւ տեղի ունեցաւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Աշոտ Ներսիսեանի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» գիրքի շնորհահանդէսը:

Երիտասարդական կեդրոնը պիտի ծառայէ Էրեբունի վարչական շրջանի երիտասարդներուն եւ պատանիներուն: Կեդրոնի պատասխանատուներուն հաստատումով` բազմաթիւ ծրագիրներ պիտի իրականացուին, որոնք պիտի ծառայեն երիտասարդներուն` իրենց հետաքրքրութիւնները յագեցնելու: Պիտի իրականացուին նաեւ ուսումնական ծրագիրներ, պիտի ուսումնասիրուի պահանջը, այսինքն` տարածքի երիտասարդները ի՛նչ խնդիրներ ունին, անոնք ինչի՛ կարիքը  ունին, եւ ամէն ձեւով փորձ պիտի կատարուի օգնելու այդ երիտասարդներուն:

«Մովսէս Տէր Գալուստեան» գիրքի հեղինակ Աշոտ Ներսիսեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ շատ կարեւոր է գիրքին հերոսը ճիշդ եւ պատմական փաստերու հիման վրայ ներկայացնելը, որովհետեւ ան արժանի գործիչ եղած է եւ հայրենիքի նուիրեալ: Ներսիսեան ըսաւ նաեւ, որ գիրքի լոյս ընծայման գործին մէջ մեծ ներդրում ունեցած է Մովսէս Տէր Գալուստեանի որդին` Վազգէն Տէր Գալուստեան. ան ամբողջութեամբ տրամադրած է հօր արխիւը եւ մենագրութեան ստեղծման գործին մէջ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է:

Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Մովսէս Տէր Գալուստեանի որդին, սփիւռքի եւ ՀՅԴ շարք մը ներկայացուցիչներ: Բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան:

Նշենք նաեւ, որ Մովսէս Տէր Գալուստեանի անուան երիտասարդական կեդրոնի ստեղծումը եւ «Մովսէս Տէր Գալուստեան» գիրքի լոյս ընծայուիլը իրականութիւն դարձան լիբանանահայ բարերար Ալեն Թապուրեանի շնորհիւ:

https://www.youtube.com/watch?v=fy80twR97x4

 

 

Նախորդը

«Ռուսիան Պատրաստ Է Շրջանային Գործերուն Մէջ Խորացնելու Հայաստանի Հետ Կառուցողական Գործակցութիւնը» Կ՛ըսէ Փութին

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Վերականգնման 24-Ամեակին Առիթով. «Սեպտեմբեր 21-ը Մեր Հաւատքի, Համոզմունքներուն Եւ Վստահութեան Խորհրդանիշն Է» Շեշտեց Նախագահ Սարգսեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.