Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 13. Յարգա՛նք Քեզ

September 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Յարգելի մուսալեռցի,

Շնորհաւո՛ր յաղթանակի տօնդ: Անցնող հարիւր տարիները քեզի համար դարձան մնայուն մաքառումի տարիներ: Այնճար հայաւանի հիմնադրութեան 75-ամեակը եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակն է այսօր, բայց այդ հերոսական խոյանքը դուն պատմութեան չյանձնեցիր երբե՛ք, այլ զայն ապրեցուցիր պայքարիդ շարունակականութեամբ, անկոտրում վճռակամութեամբ եւ լեռնցիի վայել քաջութեամբ:

Դուն մնացիր լերան քաջ զաւակ, արհամարհեցիր ամէն վտանգ եւ սպառնալիք, յանձն առիր ամէն զրկանք եւ դժուարութիւն, քեզ ո՛չ թուրքը, ո՛չ տեղահանութիւնը, ո՛չ գաղթականի ճակատագիրը, ո՛չ բնութեան պատճառած համաճարակները եւ ո՛չ ալ ժամանակակից  քաղաքական եւ ապահովական փոթորիկները կրցան ընկճել:

Դուն արժանավայել կերպով դարձար վերապրումի, վերականգնումի եւ վերազարթօնքի խորհրդանիշ մը: Դարձար շինարար, ստեղծեցիր հոգեմտաւոր, հարուստ պատմութիւն ու գուրգուրացիր նախնիներուդ ձգած ժառանգութեան վրայ եւ այդ գանձարանը հարստացուցիր քու տեսլապաշտ համոզումներովդ, գաղափարական կազմաւորումովդ եւ անկեղծ զինուորի յախուռն նկարագիրովդ:

Ոչ մէկ ատեն հանգիստ ու դադար ունեցար, զիջում չարձանագրեցիր քու դաւանած սկզբունքներէդ, հերոսներդ ու նահատակներդ  յարգեցիր ոչ թէ սոսկ յիշատակի հանդիսութիւններով, այլ զանոնք վերածեցիր դաստիարակութեան եւ ներշնչման հարուստ ու կենարար աղբիւրի` անոնց տիպարային օրինակը դարձնելով ամէնօրեայ ներկայութիւն քու առօրեայիդ եւ աշխատանքներուդ մէջ:

Այո՛, վայե՛լ է քեզի այսօր, երբ ըսես, որ հպարտ ես, հպարտ` քու անցեալովդ, անցած ճանապարհովդ, կերտած պատմութեամբդ ու մանաւանդ քու ներկայովդ:

Քրտինք ու արիւն թափեցիր, սերունդներ կազմաւորեցիր եւ նաեւ հայութեան համահայկական նպատակներու ու տեսլականներու իրականացման համար ոչ մէկ զոհողութիւն խնայեցիր:

Մշակած հողդ դարձուցիր ոչ միայն բարեբեր`  բերքահաւաքման իմաստով, այլ այդ հողին վրայ յաջողեցար կերտել Հայ դատի զինուոր, գաղափարի նուիրեալ եւ յանձնառու մտաւորական:

Նորահաս սերունդներու հայեցի կրթութեան համար ներդրեցիր մեծ ճիգ: Հաւաքական կեանքի ինքնակազմակերպումը եւ վերանորոգումը  դարձուցիր քեզի համար կեանքի ուղենիշ: Ոչ մէկ այլասերում եւ ապազգային դրսեւորում հանդուրժեցիր եւ այդ բոլորին դիմաց եղար անխնայ` բարձր պահելով հայու արժանապատուութիւնն ու պատիւը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նկատմամբ ցուցաբերեցիր պաշտամունքի հասնող սէր եւ հաւատարմութիւն: Դաշնակցութիւնը վերածեցիր ապրելակերպի, եւ Դաշնակցութեան դաւանած գաղափարներն ու նպատակները քեզի համար մնացին քու կեանքդ իմաստաւորող մնայուն գործօններ:

Այսօր կը խոնարհիմ քու նուիրումիդ դիմաց, անցեալին քու կերտած փառապանծ յաղթանակներուդ եւ նուաճումներուդ դիմաց, քու քաջութեանդ դիմաց, քու դրսեւորած համակ ապրումիդ ու նուիրումիդ դիմաց, վերջապէս կը խոնարհիմ քու մեծութեանդ դիմաց:

Վստահ եմ եւ ամրօրէն համոզուած, որ երթդ պիտի շարունակես նոյն վճռակամութեամբ, նոյն ոգիով, որովհետեւ քու նախնիներուդ ընտրած ճանապարհը ճի՛շդ ճանապարհն է, եւ պիտի  դիմադրես ամէն չարիքի եւ վտանգի` ժպիտով եւ պայքարելու ամբողջական պատրաստակամութեամբ:

Մուսալեռցի արժանընտիր ղեկավար Սարգիս Զէյթլեան եթէ այսօր ներկայ ըլլար այս պատմադրոշմ առիթին, անպայման որ երկրորդ անգամ պիտի հաստատէր. «Պայքարի եռանդով ու վճռակամութեամբ տոգորուած անհատները, հաւաքականութիւնները եւ ազգերը, որ կ՛ապրին ու կը յառաջդիմեն, կը նուաճեն կեանքը եւ կը տիրապետեն նախ սեփական, ապա բնութեան ուժերուն, կը կերտեն սեփական նկարագիր ու դիմագիծ»:

Յարգա՛նք քեզ, մուսալեռցի…

Ապրի՛ր հպարտ, այնճարցի հայորդի…

 

 

 

Նախորդը

Խաչվերացն Ու Մուսա Լերան Հերոսամարտը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.