Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Կործանիչներ Կը Հարուածեն Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը

August 31, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

F-16_8-30-15

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ թրքական կործանիչներ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ամերիկեան ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքին միանալով` Սուրիոյ մէջ հարուածած են ՏԱՀԵՇ-ի դիրքեր:

Նախարարութիւնը շաբաթ օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Մեր կործանիչները, Դաշինքի կործանիչներուն կողքին, երէկուընէ սկսեալ սկսան գործողութիւններ կատարել դիրքերուն դէմ ՏԱՀԵՇ-ին, որ նաեւ մեր ազգային անվտանգութեան դէմ սպառնալիք կը ներկայացնէ»:

Պաշտօնական աղբիւրներ «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնած են, որ թրքական կործանիչները երկու անգամ մասնակցած են Սուրիոյ մէջ գործողութիւններու, առաջինը` 28 օգոստոսին, իսկ երկրորդը` 29 օգոստոսին: Առաջին գործողութեան, որուն ընթացքին երեք թիրախներ հարուածուած են, մասնակցած են 2 կործանիչներ, իսկ երկրորդին պարագային դարձեալ 2 կործանիչներու մասնակցութեամբ երկու թիրախներ հարուածուած են:

Աղբիւրները նշեցին, որ թրքական օդանաւերը թռիչք առած են Ինճիրլիք ռազմակայանէն, իսկ թիրախները կը գտնուէին Հալէպի հիւսիսը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Թուրքիա ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դիմակայումը կը նկատէ «ազգային անվտանգութեան առաջնակարգ հարց մը»:

«Թուրքիա, թէ՛ ազգային մակարդակի վրայ եւ թէ՛ ալ իբրեւ Դաշինքի մէկ անդամը, ուժեղ վճռականութեամբ պիտի շարունակէ իր գործօն աջակցութիւնը ջանքերու, որոնք կը միտին վերացնել սպառնալիքները, որոնք կը ներկայացուին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ, զոր Թուրքիան 2013-ին ներառեց ահաբեկչական կազմակերպութիւններու իր ցանկին վրայ», ըսաւ նախարարութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Փոխանցման Կառավարութիւնը Անկողմնակալ Չէ, Այլ Կը Ծառայէ Էրտողանի» Ըսաւ Քըլըճտարօղլու

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Դէմ Դնել Միջին Արեւելքը Ապակայունացնելու Իրանի Փորձերուն» Կը Խոստանայ Օպամա

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.