Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Բարձր Վարկանիշը Միջազգային Ցուցակի Վրայ. Իրականութի՞ւն, Թէ՞ Տպաւորութիւն

August 31, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Աշխարհի 152 երկիրներու «Մարդու ազատութեան ցուցանիշ»-ին մասին վերջին զեկոյցին մէջ զարմանալիօրէն Հայաստանին տրուած է բարձր վարկանիշ: Ուսումնասիրութիւնը համատեղ իրականացուած է Ուաշինկթընի «Քաթօ»-ի հիմնարկին, Վանքուվըրի «Ֆրէյզըր»-ի հիմնարկի եւ Պերլինի Ֆրիտրիխ Նաումանի անուան` յանուն ազատութեան հիմնադրամին կողմէ: 108 էջերէ բաղկացած համապարփակ զեկոյցը երկիրները կը դասէ ըստ քաղաքացիներու անհատական, քաղաքացիական եւ տնտեսական ազատութիւններուն:

Դասակարգումը հիմնուած է 76 տարբեր ցուցանիշներու վրայ` խմբաւորուած 12 անուանակարգերու մէջ.

– Օրէնքի գերակայութիւն

– Ապահովութիւն եւ անվտանգութիւն

– Շարժում

– Կրօն

– Միութիւն, հաւաք եւ քաղաքացիական հասարակութիւն

– Արտայայտութիւն

– Կառավարութեան մեծութիւն

– Իրաւական համակարգ եւ սեփականութեան իրաւունք

– Դրամական միջոցներու մատչելիութիւն

– Միջազգային առեւտուրի ազատութիւն

– Վարկային, աշխատանքային եւ գործարար օրէնսդրութիւն

«Մարդու ազատութեան ցուցանիշ»-ին համաձայն` աշխարհի տասը լաւագոյն երկիրներն են` Հոնկ Քոնկը, Զուիցերիան, Ֆինլանտան, Դանիան, Նիւ Զելանտան, Քանատան, Աւստրալիան, Իրլանտան, Անգլիան եւ Շուէտը: Միացեալ Նահանգները 20-րդ դիրքի վրայ է:

Անցեալ շաբաթ հրապարակուած 2012 թուականի տուեալներուն համաձայն, Հայաստան աշխարհին 53-րդ երկիրն է, աւելի բարձր, քան անոր հարեւաններէն շատերը` Ազրպէյճանը (126-րդ), Թուրքիան (62-րդ), Իրանը (152-րդ), իսկ փոքր զիջում մը` Վրաստանին (48-րդ):

Հայաստանի տպաւորիչ վարկանիշը կը բացայայտէ աւելի ապշեցուցիչ գնահատական, երբ նկատի ունենանք այդ դասակարգման երկու հիմնական բաղադրիչները. Հայաստանը աշխարհի մէջ կը գրաւէ 17-րդ դիրքը տնտեսական ազատութեան, եւ 70-րդը` անձի ազատութեան ցուցանիշներուն մէջ…

Հայաստանի վարկանիշը ես «զարմանալի» որակեցի այն պատճառով, որ ժողովուրդին մեծ մասը հաւանաբար չէր ակնկալեր նման բարձր գնահատական` հաշուի առնելով ղեկավարութեան նկատմամբ մնայուն քննադատութիւնը, ինչպէս երկրին մէջ, այնպէս ալ` անկէ դուրսը: Թէեւ ճիշդ է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը բազմաթիւ թերութիւններ ունի եւ արժանի է քննադատութեան, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ իշխանութիւնները կարգ մը բաներ ճիշդ ըրած են Հայաստանի համար, որ իր վարկանիշով գերազանցած է «Մարդու ազատութեան ցուցանիշ»-ին մէջ այնպիսի ազդեցիկ երկիրներ, ինչպիսիք են` Արժանթինը, Պրազիլը, Չինաստանը, Եգիպտոսը, Հնդկաստանը, Իրանը, Քուէյթը, Մեքսիքան, Քաթարը, Ռուսիան, Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան, Ուքրանիան եւ Վենեզուելան:

Ժողովուրդին կողմէ Հայաստանի ընկալման եւ իրականութեան միջեւ առկայ այս հակասութեան հաւանական բացատրութիւնը այն է, որ Հայաստանի պաշտօնեաները վատ աշխատանք տարած են երկրի ձեռքբերումները գովազդելու համար: Հակառակ պարագային, մեծ թիւով հայեր այսպիսի բացասական տպաւորութիւն չէին ունենար իրենց հայրենիքին մասին:

Այս միտքը պարզաբանելու համար, առնենք օրինակը Սինկափուրի, երկիր մը, որ յաջողութեամբ կը գովազդէ իր նուաճումները եւ բարձր կը գնահատուի ամբողջ աշխարհին մէջ` իբրեւ լաւ կառավարման, արագ տնտեսական զարգացման եւ բարեկեցիկ կենսապայմաններու նախատիպ: Հակառակ անոր որ կասկածէ վեր է, թէ այս «ասիական վագրը» ձեռքբերումներու տպաւորիչ ցուցանիշ սահմանած է, զարմանալի է, որ Սինկափուրը վարկանշային ցուցանիշով աշխարհի մէջ կը գրաւէ 43-րդ դիրքը` ընդամէնը 10 կէտով առաջ անցնելով Հայաստանէն` «Մարդու ազատութեան ցուցանիշ»-ին մէջ: Եթէ ուշադրութիւն դարձնենք Սինկափուրի շուրջ ստեղծուած աղմուկին, կարելի է ենթադրել, որ այդ երկիրը պէտք է տեղ գրաւէ լաւագոյն տասնեակին մէջ, իսկ Հայաստանը ըլլար 100-րդը` հաշուի առնելով վերջինիս հասցէին մշտապէս հնչող քննադատութիւնները:

Ինչպէս կ՛ըսեն, «տպաւորութիւնը իրականութիւն է»: Ըստ էութեան` տպաւորութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան` իրականութիւնը, քանի որ մարդիկ ամէն ինչ կը դատեն իրենց սեփական տպաւորութիւններուն հիման վրայ, անկախ անկէ, թէ անոնք որքա՛ն կը տարբերին իրականութենէն: Օրինակ, վերջին տարիներուն, Հայաստանը շարք մը միջազգային զեկոյցներու մէջ գրաւած է շատ բարձր դիրքեր, քան այն, ինչ կը սպասուէր: Սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը երբեք չէ գովազդած այս կարեւոր վարկանիշները` ատով իսկ ձախողեցնելով երկրին համար դրական երեւոյթի ստեղծումը, որ կրնար գրաւիչ ըլլալ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու եւ ներդրողներու համար:

Հետաքրքրական է, որ Հայաստանէն շատ աւելի բարեկեցիկ երկիրներ ետ մնացած են «Մարդու ազատութեան ցուցանիշ»-ին մէջ, ինչ որ կրնայ նշանակել, թէ երկրի հարստութիւնը, ինչպէս Ազրպէյճանի պարագային` քարիւղի բազմամիլիառանոց եկամուտը, բարեկեցութիւն կամ ազատութիւն չ՛երաշխաւորեր իր քաղաքացիներուն համար…

Սակայն, հաշուի առնելով Հայաստանի համեմատաբար բարձր վարկանիշը` անոր ղեկավարութիւնը այլեւս չի կրնար արդարանալ անով, որ երկրի զարգացումը կը կաղայ նիւթական եւ բնական պաշարներու սահմանափակութեան պատճառով: Ամէն ինչ կախեալ չէ փողէն: Քանի որ Հայաստանը տնտեսական ազատութեան ցուցանիշով կը գրաւէ 17-րդ դիրքը, ուստի արդարացում չի կրնար ըլլալ անձի ազատութեան ցուցանիշով 70-րդ դիրքը գրաւելուն համար: Վերջին ցուցանիշը կրնայ մեծապէս բարելաւուիլ պետութեան կողմէ` առանց դրամ մը իսկ ծախսելու: Միայն անհրաժեշտ են հոգատար պետական պաշտօնեաներ, որոնք յանձնառու պիտի ըլլան բարելաւելու ժողովուրդին բարեկեցութիւնը:

Հայաստանի ղեկավարութեան մեծագոյն բացը ոչ թէ նիւթական միջոցներու, այլ հասարակութեան վստահութեան պակասն է: Իշխանութիւնները կրնան վերականգնել քաղաքացիներուն վստահութիւնը` ջանադրաբար աշխատելով, որպէսզի կարենան բարելաւել անոնց կենսապայմանները, եւ միայն անկէ ետք է որ հասարակութեան դրական ընկալումը պիտի համապատասխանէ Հայաստանի համաշխարհային վարկանիշի իրականութեան:

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Փոխան Բաց Նամակի. Ուղղագրութեան Վէրքին Մասին

Յաջորդը

«Հիմա Քաղաքական Ուժերը, Որոնք Ոչ»-ի Արշաւ Են Ուզում Սկսել, Թող Մտածեն` Ո՞ւմ Ջրաղացին Են Ջուր Լցնում». Արմէն Ռուստամեան

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.