Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Խստիւ Մերժեց Ամալ Շարժումին Ուղղուած Ամբաստանութիւնները` Կեդրոնական Պէյրութի Խուլիկանութիւնները Գործելու Առումով

August 27, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_ain_tine_8-26-15

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ժողովուրդին իրաւունքն է փողոց իջնել եւ բողոքել երկրին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին դէմ:

Ան հաստատեց, որ ցոյցի իրաւունքը սահմանադրութեամբ տրուած իրաւունք է:

Միւս կողմէ, Պըրրի մերժեց Ամալ շարժումին դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները` Կեդրոնական Պէյրութի խուլիկանութիւնները գործելու առումով:

Պէտք է աւելցնել, որ խորհրդարանի նախագահը առաջադրած է նախաձեռնութիւն մը` լուծելու համար կառավարութեան կողմէ տրուած, սակայն առկախ մնացած 70 որոշումներուն հարցը:

Նոյն նպատակով Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Նշենք, որ այդ նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկուան իր մամլոյ ասուլիսը յետաձգեց վաղուան` ուրբաթ, 28 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտը, որ յայտնեց, թէ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած վերջին դէպքերուն դրդապատճառները:

Զայէտ ընդգծեց, որ Գահիրէ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի պետական հաստատութիւններուն զօրակցութեան եւ լիբանանեան պետութեան ամրապնդումին:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է աշխատին երկրէն հեռացնել վտանգներն ու սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ կեդրոնանալ լիբանանցի քաղաքացիներուն ծառայելու աշխատանքին վրայ դիւրացնելով կառավարութեան աշխատանքը:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պատասխանատու են լիբանանցի քաղաքացիներուն նկատմամբ, յատկապէս հիմնական ծառայութիւններ մատուցելու առումով:

Քաակ շեշտեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է ժողովրդավարական ցոյցերու խաղաղ չափանիշները մնայուն կերպով պահպանել:

Քաակ անհրաժեշտ նկատեց նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարել, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը աշխուժացնել:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստին

Յաջորդը

«Հաշուետուութեան Պիտի Կանչենք» Եւ «Հոտերնիդ Ելաւ» Արշաւները Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնեն Ցոյցը Շարունակելու

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.