Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Տարեկան Բանակումը Սկիզբ Առաւ

August 24, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

pan_8-23-15

Կիրակի, 23 օգոստոսին սկիզբ առաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի տարեկան բանակումը` Այնճարի մէջ: Բանակումը նուիրուած է գաղափարի մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման 30-ամեակին: 190 բանակողներ, խմբապետներ եւ կազմակերպիչներ իրենց օրը սկսան արցախեան ազատամարտի նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի հոգեհանգստեան արարողութեամբ եւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի հետ գործակցաբար յիշատակի ձեռնարկով մը` «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ:

Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Այնճարի ԼԵՄ-ի բանակավայրին մէջ` «Մշակ բանուոր» քայլերգով ու Հայաստանի, Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի դրօշներուն բարձրացման արարողութեամբ: Ապա յաջորդաբար խօսք առին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ԼԵՄ-ի ներկայացուցիչը եւ Արցախէն հասած բանակումի ընդհանուր հերթապահը:

Բանակողները բաժնուած են վեց խումբերու` Արա Գըրճըլեան, Վաչէ Տաղլեան, Սեդրակ Աճեմեան, Սարգիս Աբրահամեան, Սիմոն Եահնէեան եւ Կարօ Գոլանճեան անուանումներով: Բանակումը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 30 օգոստոս, ունի իր յատուկ դաստիարակչական եւ մարզական ծրագիրը: Դասախօսութիւններու, զրոյցներու, խմբային աշխատանքներու եւ լսատեսողական զանազան միջոցներու ճամբով բանակողները պիտի լսեն ու սորվին ՀՅԴ պատմութեան, Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Միջին Արեւելքի քաղաքական խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ գաղութային հարցերուն մասին:

Մէկ շաբթուան ընթացքին Լիբանանի բոլոր շրջաններէն բանակավայրին մէջ համախմբուած ԼԵՄ-ականները առիթը պիտի ունենան վերանորոգելու իրենց ուխտը` հաւատարիմ մնալու հայ ազգի սրբազան դատին ու երկարաշունչ պայքարին:

 

 

Նախորդը

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Ունեցաւ Նորօծ Կուսակրօն Քահանայ Մը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Եունան Պատրիարքը

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Համազգայինը Կը Մեծարէ Հայ Ճեմարանի Վաստակաշատ Կրթական Մշակները
Գաղութային

Համազգայինը Կը Մեծարէ Հայ Ճեմարանի Վաստակաշատ Կրթական Մշակները

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։