Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերպիա Եւ Սերպ Ուղղափառ Եկեղեցին Կը Մերժեն Քոսովոյի` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին Անդամակցութիւնը

August 18, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սերպ ուղղափառ եկեղեցւոյ պետը
Սերպ ուղղափառ եկեղեցւոյ պետը

Սերպիոյ ուղղափառ եկեղեցին մերժեց Քոսովոյի կողմէ եկեղեցւոյ պատկանող կոթողներու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մօտ արձանագրումը:

Փրիշթինայի իշխանութիւնները ՄԱԿ-էն պահանջած էին այդ կոթողները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պաշտպանութեան տակ առնել` «Քոսովոյի մշակութային ժառանգութիւն» պիտակին տակ: ՄԱԿ մերժած էր այդ դիմումը, որմէ ետք Քոսովօ ուղղակի կերպով դիմած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին:

Աւստրիական «Վիենըր փրօ Օրիենթէ» օրաթերթը հաղորդեց, որ սերպ եկեղեցւոյ ղեկավար Իրինէյ Փոլովիչ եպիսկոպոսը նշած է, որ Քոսովոյի կողմէ` իբրեւ անկախ պետութիւն, սերպական մշակութային կոթողներու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ արձանագրումը վնաս պիտի պատճառէ Սերպիոյ:

Ան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներուն կոչ ուղղեց աջակցելու իր կեցուածքին:

Սերպական «Թանճուկ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սերպիոյ առաջին փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Իվիչա Տաչիչ յայտնած է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն լաւ կ՛ընէ, եթէ Քոսովոյի անդամակցութիւնը ընդունելով Փանտորայի տուփը չբանայ: «Եթէ Քոսովոն հիմա անդամակցի, յաջորդը պիտի ըլլայ ՄԱԿ-ի կողմէ չճանչցուած այլ շրջան մը: Ահա թէ ինչո՛ւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն պէտք չէ Փանտորայի տուփը բանայ: Մեզ ոչինչ պիտի զարմացնէ: Ատիկա առաջին անգամը պիտի չըլլայ, որ միջազգային օրէնքն ու կանոնը կը բռնաբարուին»:

Ան ընդգծած է, որ Սերպիան իր կարելին պիտի ընէ ատիկա կանխարգիլելու համար: Ան սերպ բոլոր կազմակերպութիւններուն, եկեղեցւոյ եւ սփիւռքին կոչ ուղղած է աջակցելու Սերպիոյ պետութեան ջանքերուն:

Սերպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ ղեկավարը յայտնեց, որ եկեղեցին պիտի ընդառաջէ Տաչիչի կոչին: Ան սերպական «Փոլիթիքա» օրաթերթին յայտնեց, որ իրենց եկեղեցին աջակցութիւն պիտի խնդրէ աշխարհի բոլոր ուղղափառ եկեղեցիներէն, ինչպէս նաեւ Վատիկանէն:

Քոսովոն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամակցութեան դիմումը ներկայացուցած էր յուլիսին: Կազմակերպութիւնը այս հարցով իր վերջնական որոշումը պիտի տայ նոյեմբերին:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Փոխնախարարը Պաշտօնազրկուած Է

Յաջորդը

866 Հազար Մարդ Մասնակցած Է Պրազիլի Նախագահի Քաղաքականութեան Դէմ Բողոքի Ցոյցին

RelatedPosts

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ  Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»
Միջազգային

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»

November 13, 2026
Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին.  Եւրոպական Միութեան Մէջ Կը Դիտարկեն Քալլասը  Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավարի  Լիազօրութիւններէն Զրկելու Կարելիութիւնը
Միջազգային

Քալլաս. «Միացեալ Նահանգները Չեն Կրնար Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Պատժամիջոցներու Վերացման Շուրջ Բանակցութիւններ Վարել»

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.