Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Հանգրուանը` ՀՅԴ-ի Գաղափարական Երթին Մէջ

August 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Յունիսի 12-ին ՀՅԴ-ն դարձաւ Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան դէտ անդամ: Ասիկա  նոր էջ բացաւ ՀՅԴ-ին առջեւ, որպէսզի աւելի շատ համագործակցի եւրոպական յառաջադիմական կուսակցութիւններուն հետ: Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութիւնը եւրոպական ընկերվար- ժողովրդավարական, աշխատաւորական եւ ժողովրդավարական կուսակցութիւններու համախմբում մըն է, որ կը պայքարի կերտելու համար բարեկեցիկ Եւրոպա մը բոլոր եւրոպացի քաղաքացիներուն համար`  առանց սեռի, գոյնի, կրօնի կամ ազգային ծագումի խտրութեան. Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան պաշտօնական արժէքներն են` ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, հաւասարութիւնը, համերաշխութիւնն ու ընկերային արդարութիւնը:

ՀՅԴ-ի անդամակցութիւնը Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան,նոր դռներ պիտի բանայ ՀՅԴ-ին առջեւ, որպէսզի աւելի ծաւալէ  իր պայքարը ընդդէմ նոր ազատականութեան եւ ծայրայեղ աջին. անիկա նոյնիսկ  ՀՅԴ-ն պիտի դարձնէ արդի կեդրոն-ձախ կուսակցութիւն մը` նոյն ժամանակակից եւրոպական յառաջդիմական կուսակցութիւններուն քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական կեցուածքներով: Հայ հասարակութեան համար հպարտութիւն է, որ մեր ազգը այսպիսով կ’ունենայ քաղաքական կազմակերպութիւն մը եւրոպական յառաջադիմական ընտանիքին մէջ:

ՀՅԴ-ն հարուստ է իր պատմութեամբ` Օսմանեան կայսրութեան, Ռուսիոյ, Կովկասի եւ Իրանի մէջ գտնուող ընկերվարական եւ աշխատաւորական շարժումներուն մէջ, հայկական հասարակութեան մէջ կազմակերպեց աշխատաւոր տարրը եւ քարոզեց ընկերվարական գաղափարները` ժողովրդավարական եւ խաղաղ միջոցներով, պայքարի դաշտ նետուեցաւ Երեւանի, Պոլսոյ եւ Պաքուի հրապարակներուն վրայ, հայ աշխատաւորին թիկունք կանգնեցաւ  բոլոր դժուար օրերուն եւ համերաշխ կապեր հաստատեց միջազգային ընկերվարական կազմակերպութիւններուն հետ:

Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան անդամակցութիւնը մեծ նորութիւն մըն է ՀՅԴ-ի համար, որպէսզի այդպիսով արդիականացնէ իր կրած գաղափարական արժէքները: Անշուշտ այդ միջոցով նաեւ մենք պիտի կարենանք եւրոպական յառաջդիմական գաղափարները փոխադրել մեր հասարակութեան մէջ` պայքարելու համար ընդդէմ պահպանողական, ազգայնամոլ ու նոր ազատական գաղափարներուն եւ կերտելու համար աւելի արդար հասարակութիւն մը:

Հայկական իրականութեան մէջ ընդհանրապէս, ընկերվարութիւնը մեծաւ մասամբ  ազդուած էր ռուսական ընկերվար-յեղափոխական գաղափարներէն, որոնք այդ ժամանակ` ԺԹ. դարու աւարտին եւ Ի. դարու սկզբնաւորութեան կը ծառայէին հայ գիւղացիութեան շահերուն եւ կը ձգտէին գիւղացիներուն ապահովել հողերու համագործակցային սեփականատիրութիւն. յետոյ, ընկերվար-յեղափոխութեան աւելցուած է մարքսականութիւնը, որ մեծ ազդեցութիւն չունեցաւ,  որովհետեւ հայկական հասարակութիւնը տակաւին չէր հանդիպած արդիւնաբերական տնտեսութեան. 1907-ին ՀՅԴ-ն կրեց «Ընկերվարութիւն»-ը` իբրեւ իր պաշտօնական գաղափարաբանութիւնը եւ Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան ժամանակ ան գործադրեց այդ գաղափարաբանութիւնը հողին վրայ` ժողովրդավարական ու բարեփոխական կերպով եւ յաջողեցաւ ատոր մէջ. իր 1998-ի ծրագիրին մէջ ՀՅԴ-ն շեշտը դրաւ ընկերվարական սկզբունքներուն վրայ եւ այդ ծրագիրով առաջնորդեց հայ ազգը դէպի 21-րդ դար` դիմադրելու համար բոլոր ընկերային-տնտեսական մարտահրաւէրները,  որոնց հանդիպած էր Հայաստան 20-րդ դարու վերջին տարիներուն եւ 21-րդ դարու սկիզբը:

Այսօր մենք չենք կրնար կրել անցեալ դարու սկզբնաւորութեան եղած ընկերվարութիւնը, սակայն կարիքը կայ հարց տալու, թէ ընկերվարական ո՞ր մէկ հոսանքին պէտք է հետեւինք. մեր հետեւած հոսանքը պէտք է ըլլայ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը` իր արդի յառաջդիմական եւ կեդրոն-ձախ դիրքերով, որոնք կը ծառայեն մեր ազգի արդի հարցերուն, օրինակ` քաջալերել հանրային ներդրումները կեանքի բարեկեցութեան բոլոր մարզերուն մէջ, կերտել շուկայական մրցակցային արդար համակարգ մը, ուր փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւնները կրնան արդարօրէն մրցիլ մեծ ձեռնարկութիւններուն հետ, դիմադրել կլիմայական փոփոխութեան` ներդրումներ կատարելով նորոգուող եռանդին միջոցով, թոյլ տալ, որ դրամատնային  հատուածը ծառայէ ժողովուրդին` չնչին գումարով դրամատուներուն մէջ հաշիւ բանալով եւ վարկեր ստանալը մեծապէս դիւրացնելով, ուժեղցնել եւ աճեցնել միջին դասակարգը` ցած  հարկեր ճշդելով աշխատաւոր եւ միջին դասակարգերու անդամներուն համար, ինչպէս նաեւ  հզօրացնել ժողովրդավարական հիմքերը` համաշխարհային ծաւալուն պայքար մղելով ընդդէմ բռնատիրութեան, անհաւասարութեան, անարդարութեան եւ ծայրայեղութեան: Այս միջոցներով է, որ մեր հայրենիքը պիտի ունենայ ուժեղ ու բարեկեցիկ համակարգ մը եւ պիտի վայելէ տնտեսական իրական եւ շօշափելի աճ:

ՀՅԴ-ի անդամակցութիւնը Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան ճիշդ ժամանակին եկաւ` մղելու ՀՅԴ-ն  դէպի նոր հանգրուան մը, դէպի եւրոպական յառաջադիմական քաղաքական դաշտ: Մենք  վստահ ենք, որ ՀՅԴ-ն հաւատարիմ պիտի մնայ ազատութեան,արդարութեան եւ համերաշխութեան արժէքներուն, ինչպէս նաեւ վստահ ենք,  որ ՀՅԴ-ն  հայկական հասարակութեան մէջ պիտի կրէ յառաջդիմական գաղափարներու ջահը, որ իր բռնած բռունցքով հայ ազգը միշտ քալած է, կը քալէ ու պիտի քալէ դէպի յառաջ:

 

 

Նախորդը

Պապի՛կ, Քու Քաղաքիդ Անունը Ի՞նչ Է…

Յաջորդը

Հայերու Ս. Ղազար Կղզին: Շերտ Մը Հայաստան Վենետիկի Մէջ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.