Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պանք Օթոմանի Խորհուրդով`. Ճշդել Թշնամիին Օրակարգ Թելադրելու Ձեւն Ու Միջոցը

August 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՕՆԻԿ Տ.

Ottoman-Bank-(1)_8-14-15

Հայ ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ Պանք Օթոմանի գրաւման գործողութիւնը անվիճելի կերպով նոր հանգրուանի մը դուռը բացաւ պահանջատէր, յեղափոխական երիտասարդութեան մը համար: Գործողութեան նախաձեռնողներն ու գործադրողները կը մարմնաւորէին հոգեւոր ապրումները երկար տարիներ ճնշուածութեան քողին տակ երեսները ծռած հարիւր հազարաւոր մարդոց, որոնք լքուած, արհամարհուած, ջարդուած ժողովուրդի մը զաւակներն էին: Օսմանեան կայսրութեան եւ օտար պետութիւններու ուշադրութիւնը գրաւելու լաւագոյն միջոցը, միջազգային ընտանիքին եւ յատկապէս անոր ղեկավարութեան կամ պետական շահերը վտանգի տակ դնելու միակ ձեւը Պանք Օթոմանի գրաւումը պիտի ըլլայ:

Այսօրուան իրավիճակը կշիռքի վրայ դնելով` դժուար պիտի ըլլար մարդիկը համոզել, թէ պատահածը ճնշուածութեան արդիւնք էր. պոռթկումը հայրենական տարածքի մը վրայ ապրող ժողովուրդի մը, որուն վիճակին բարեկարգման կոչերը ապարդիւն անցած էին, եւ որուն յեղափոխական զաւակները իրենք իրենց իրաւունք տուած էին «անպարտելի» կայսրութեան եւ եւրոպական պետութիւններուն ուշադրութիւնը գրաւելու, պարտադրելու, որ բանակցութիւններու սեղան նստին: Պատը ճեղքուած էր, միջոցը` Պանք Օթոմանի գրաւում… ուշադրութեան գրաւում… Բանակցութիւններ:

Այսօրուան ՏԱՀԵՇ-եան իրավիճակը կշիռքի վրայ դնելով, շատ աւելի դժուար պիտի ըլլար հանրային կարծիքը համոզել, թէ նման գործողութեան մը նպատակը ահաբեկչական չէ, մարդասպանութիւն չէ, այլ միայն ճնշուածութեան արդիւնք, արդարութեան պահանջ, ազատութիւն…

Այսօրուան իրավիճակը քննելով` քանի մը հարցադրում եւ եզրակացութիւն:

Նախկին Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ` Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքին գոյութիւն ունի՞ն հալածուած, մեկուսացուած քաղաքականապէս չէզոքացուած, մարդկային իրաւունքները ոտնահարուած ժողովրդային հատուածներ, կը գտնուի՞ն անոնց մէջ 72-73 երիտասարդներ (թէկուզ թիւը նուազի 24-ի) որոնք պատրաստ են ամբողջ ժողովուրդի մը կամ մէկէ աւելի ժողովուրդներու իրաւունքներու պահանջը միջազգայնացնելու եւ պարտադրելու, որ իրենց պահանջներուն ներկայացման համար բանակցութիւններու հրաւիրուին: Պատասխանները` այո՛, այո՛:

Ուրեմն, Պանք Օթոմանի խորհուրդով եւ փորձառութեամբ, կը պարզուի, թէ նոյն ժառանգորդը պարտադրաբար բանակցելու (թէկուզ բանակցութեան մղող կողմը գիտակցաբար խաբուի հետագային` աւելի վսեմ նպատակներու համար) սովորութիւնը ժառանգած է: Պարզ է, որ նոյն ժողովուրդներու (հայ, իսլամացուած հայ, քիւրտ, լազ, արաբ, ասորի եւ այլն) զաւակները պատրաստ են ժառանգուած սովորութեան հակազդելու: Կը մնայ ճշդել ուշադրութիւն գրաւելու եւ բանակցութիւնը պարտադրելու ձեւն ու միջոցը:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Յեղափոխական Դէպքերու Մնայուն Վերարժեւորման Հարցը Պանք Օթոմանի Գրաւումը` Իբրեւ Օրինակ

Յաջորդը

Հայ Վիրաւոր Մը` Հալէպի Մէջ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.