Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմատական Լուծումներու Բացակայութեան. Ապրուստի Հրատապ Հարցերուն Գծով Բողոքի Ելոյթները Կը Շարունակուին

August 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրին ընկերային, կենսոլորտային, ապրուստի տարրական հարցերուն գծով  առնուող լուծման անմիջական միջոցառումներէն դժգոհ, երէկ բողոքի ելոյթները շարունակուեցան երկրի զանազան շրջաններուն մէջ, հակառակ այս գծով պատկան կողմերու հրապարակած լուսաբանական հաղորդագրութիւններուն: Այս ծիրին մէջ որոշ ատենով փակուեցան կարգ մը ճամբաներ` առ ի բողոք ելեկտրական հոսանքի խիստ եւ երկարատեւ ընդհատման:

Այս գծով ելեկտրականութեան ընկերութիւնը հաղորդագրութեամբ մը քաղաքացիներուն տեղեկացուց հոսանքի ընդհատման ժամանակացոյցն ու պատճառը, որ հետեւանք էր կարգ մը որսորդներու կողմէ ելեկտրական հոսանք փոխանցող թելերու վրայ կրակ բանալուն:

Բանակն ու ապահովութեան ուժերը միջամտեցին եւ վերաբացին փակուող ճամբաները:

Աղբակոյտերուն Գծով Եւս

Ժողովրդային ընդվզումն ու դժգոհանքի ելոյթները նոյնպէս շարունակուեցան երէկ լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ կուտակուող աղբերու գռեհիկ, անհաճոյ եւ ապառողջ տեսարանին դիմաց: Այս գծով պատկան կողմեր փութացին անմիջական լուծման քայլերու ձեռնարկելու: Երեսփոխան Հիքմեթ Տիպ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի հերթական նիստին աւարտին երէկ քննադատեց այդ գծով պետական պատկան կողմերն ու յատկապէս «Սուքլին» ընկերութիւնը` միաժամանակ քաղաքապետութեանց թելադրելով լծուելու աղբերու հաւաքման ու վերամշակման եւ փողոցներու «մաքրութեան»:

Ուշագրաւ էին յատկապէս Անթիլիասի մայր պողոտաներու երկայնքին դիզուած աղբակոյտերու տեսարանները: Այս գծով Անթիլիասի քաղաքապետը յայտարարեց, որ կալուած մը նախատեսուած էր ամբարելու համար աղբակոյտերը, սակայն որոշ անյարմարութիւններու պատճառով զանց առնուած է այդ լուծումը: Ներկայիս քաղաքապետութիւնը կը փնտռէ նպատակայարմար այլ կալուած մը` առժամաբար իբրեւ աղբանոց գործածելու համար:

Արդարացուցիչ, հասկնալի, բայց ժողովուրդին կողմէ անընդունելի նման արդարացումներով յայտարարութիւն կատարեց նաեւ Տըքուանէի քաղաքապետ, իրաւաբան Անթուան Շախթուրա եւ խոստացաւ անմիջական լուծումներու ձեռնարկել` աղբակոյտերը բնակելի շրջաններէն հեռացնելու համար: Նշենք, որ Տըքուանէի յատկապէս Մար Ռուքոզ շրջանի բնակիչները վերջին 48 ժամերուն փողոց իջան` բողոքելով իրենց թաղամասերուն մէջ կուտակուող աղբակոյտերուն դէմ:

Արմատական լուծումներու ծիրին մէջ վարչապետ Թամմամ Սալամ մնայուն կապի մէջ եղաւ պատկան կողմերուն, յատկապէս` տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմի հետ, որ յայտնեց, թէ գերմանական չորս ընկերութիւններ սկզբնական հաւանութիւն տուած են արտահանելու լիբանանեան աղբակոյտերը, ինչ որ որոշ ժամանակի կը կարօտի:

Նաեւ` Կրթական Մարզին Գծով

Բողոքի ելոյթներուն ծիրին մէջ, կրթական մարզը եւս կը պատրաստուի սաստկացնելու իր պահանջատիրական քայլերը յառաջիկայ սեպտեմբերէն սկսեալ, եթէ մինչ այդ պետութիւնը չընդառաջէ ուսուցիչներու ամսաթոշակներու բարձրացման եւ յարակից պահանջներուն: Այս գծով սեփական մարզի վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտարարեց, թէ նշեալ քայլերու սկիզբը պիտի կատարուի 19 օգոստոսին, ընդհանուր ժողովի մը ընթացքին, մասնակցութեամբ կրթական բոլոր մարզերու ներկայացուցիչներուն:

 

 

Նախորդը

Այցելելով ՖԻՆԻՒԼ-ի Իտալական Ջոկատին`. Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Զանազան Պատասխանատուներու

Յաջորդը

Շրջանային Քաղաքական Ու Տեղական Հրատապ Հարցերու Լոյսին Տակ. Դիւանագիտական Եռուզեռ Զանազան Շրջանակներու Մօտ

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.