
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնման Քեսապի գործադիր մարմինի անդամ եւ Քեսապի հայ համայնքի բանբեր Կարօ Մանճիկեան «Արմէնփրէս»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Քեսապի մէջ իրավիճակը խաղաղ է, բախումներ չկան: Ան նաեւ դիտել տուած է, որ բերքահաւաքի առաջին շրջանն է արդէն, մարդիկ զբաղած են այդ գործերով:
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ վերջին շրջանին քանի մը հարիւր հալէպցիներ` մեկնելով ստեղծուած իրավիճակէն, տեղափոխուած են Քեսապ, անոնց մէջ կան հայեր եւ արաբներ: «Յատկապէս այն հայերը, որոնք Քեսապի մէջ տուն ունին, տեղափոխուած են հոն: Ուրախալի փաստ է այն, որ հալէպցիները չեն լքած երկիրը եւ մնացած են Սուրիոյ համեմատաբար աւելի ապահով շրջանին մէջ», նշած է Մանճիկեան` աւելցնելով, որ Քեսապի մէջ կեանքը քիչ թէ շատ աշխուժ է, հակառակ անոր որ Թուրքիոյ դրացի ըլլալը մնայուն մտահոգութեան պատճառ է:
Անդրադառնալով համացանցի վրայ տարածուած այն լուրերուն, որ Քեսապի անտառները կը հրկիզուին, Մանճիկեան նշած է, որ Քեսապէն մօտ 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կան անտառներ, ուր կան նաեւ զինեալներ, որոնք հոնկէ հրթիռներ կ՛արձակեն: Անոր համաձայն, անտառային Ռատիհա շրջանը կը գտնուի Քեսապին դիմացը, ուր քանի մը ոչ մեծ հրդեհներ ծագած են: Թէեւ ցաւալի է, որ հրդեհներէն ծառեր վնասուած են, սակայն միւս կողմէ հրդեհներու բռնկման պատճառով զինեալները չեն կրնար հոն թաքնուիլ: «Պատերազմը ո՛չ ծառ կը խնայէ, ոչ մարդ», յայտնած է Մանճիկեան: Ան ուրախութեամբ նշած է, որ Համահայկական 6-րդ խաղերուն Քեսապէն մօտ 23 հոգիէ բաղկացած խումբ մը կը մասնակցի, ինչ որ շատ ողջունելի է:


