Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-Ի ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆ. ՀԱՒԱՔ` «ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐՈՒԱՆ» ԱՌԻԹՈՎ

August 18, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները երէկ` չորեքշաբթի, 17 օգոստոսին այցելութիւն մը տուին Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպենկեան վարժարան, ուր կ՛իրագործուի ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբի աւանդութիւն դարձած գլխաւոր նախաձեռնութիւնը` Կազդուրման կայանը:

Նկատի ունենալով, որ 2011 թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ յայտարարուեցաւ «Հայ մանուկի տարի», ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբը` գործակցաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան, գաղափարը ունեցաւ կազմակերպելու հաւաք մը` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի «Ն. Արտալճեան» գրադարան յաճախող փոքրիկներուն, նաեւ ՀՕՄ-ի Խալքիտիքի ճամբարին մասնակցող պատանիներուն, անոնց ծնողներուն, գրադարանի ընկերային յանձնախումբի անդամներուն ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի անդամներուն եւ կազդուրման կայանի անձնակազմին:

Յայտագիրի սկիզբը Խալքիտիքի մեկնած երեխաներուն ընկերակիցը` Դալար Գազանճեան ներկայացուց ՀՕՄ-ի Խալքիտիքի ճամբարի ծրագիրին յայտագիրն ու նպատակը բոլոր երեխաներուն: Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անունով Թալին Գլպաշեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ, որ ԼՕԽ-ը իր բազմաճիւղ աշխատանքներուն կողքին յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ պատանիներու դաստիարակութեան գործին, որուն հարազատ ու գործնական արտայայտութիւններն են Կազդուրման կայանը եւ ԼՕԽ-ի «Ն. Արտալճեան» գրադարանը:

Գլպաշեան աւելցուց. «Դուք վաղուան սերունդն էք, դուք էք, որ պիտի շարունակէք ԼՕԽ-ի Սուրբ գործը», եւ բոլորին մաղթեց յաջողութիւն ու բարի վերամուտ:

Յայտագիրը ճոխացուցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած «Աստղ երգիչ» ձեռնարկի աստղերը, որոնք մեկնաբանեցին ազգային, հայրենասիրական եւ ճոխ երգեր, իսկ Կազդուրման կայանի պատանիները նոյնպէս ներկայացուցին փունջ մը երգեր` կիրակի օրուան իրենց հանդէսէն բաժին մը:

Այնուհետեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէն Ղեւոնդ վրդ. Բենդէզեան խօսք առնելով ըսաւ. «Շատ ուրախ ենք, որ այսօր գործակցաբար ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կը գտնուինք ԼՕԽ-ի այս կարեւոր ձեռնարկին:

Իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ական մօր տիպարի օրինակն է, որ կը գործէ հասնելու իր ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին»:

Հայր սուրբը նաեւ ըսաւ, որ «Հայ մանուկի տարուան» առիթով կայացած նշեալ ձեռնարկը անմոռանալի պիտի ըլլայ մեր բոլորին համար, որովհետեւ անիկա տեղի կ՛ունենայ ԼՕԽ-ի ու կաթողիկոսարանի գործակցութեամբ: Մեր մաղթանքն է, որ մեր ապագայ սերունդը ըլլայ առողջ դաստիարակութեան տէր, սիրէ բարին, աշխատի կամաւորապէս եւ ըլլայ հայ եկեղեցւոյ շուրջ:

Ապա, սեղանին օրհնութենէն ետք բոլորը ճաշակեցին համեղ ճաշեր` պատրաստուած Այնճարի մասնաճիւղի անդամներուն կողմէ եւ նուէր տրամադրուած բարերարներու կողմէ: Անոնք նաեւ ճաշակեցին Հայ ֆուտի կողմէ տրամադրուած չէօրեկները:

Յայտնենք նաեւ, որ այս 3 շաբթուան ընթացքին երեխաները այցելեցին գործարաններ, ճաշեցին ճաշարաններու մէջ, թօթափելու համար ամառնային տաքը այցելեցին լողաւազան` շնորհիւ բարեսէր հայորդիներու, ԼՕԽ-ի բոլոր մասնաճիւղերուն ընկերուհիներուն, Այնճարի քաղաքապետութեան, եւ Այնճարի բարեկամներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակեցին այս ձեռնարկի եւ Կազդուրման կայանի ծրագիրի յաջողութեան:

Ձեռնարկի աւարտին փոքրիկները «Հայ մանուկի տարուան» առիթով ստացան Արամ Ա. կաթողիկոսի հռչակագիր` գրքոյկը եւ Ազգային առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակին կողմէ տրամադրուած Աստուածածնայ նկարը:

Երախտագիտութեամբ պէտք է յիշել, որ Կազդուրման կայանի ծրագիրը կարելի կ՛ըլլայ իրագործել շնորհիւ Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի տնօրէնութեան, որ առանց առարկութեան եւ սիրով ԼՕԽ-ին կը տրամադրէ դպրոցին դասարանները եւ շրջափակը:

Վարձքը կատար բոլորին:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ԱՅՍ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԻՐ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ

Յաջորդը

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՄՍՈՒԱՆ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ` ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԿԱՏԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՈՎ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.