Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առ Կոթողն Երկբայական – Ա.

July 29, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով ներկայացուց «Կոթողական» թատրերգութիւնը: Ելոյթը թատերախաղի առաջին բեմադրութիւնն էր: 4 փետրուար 2013-ին Թորոնթոյի Համազգային «Դէմ դիմակ» թատրոնը կատարած է թատրերգութեան ընթերցում եւ հակիրճ քննարկում: Գործը բնութագրած է որպէս «ծանակ» (satire):

Դիպաշարը` ըստ բնագրին.- Արեւմտեան աշխարհի մէկ կորած անկիւնը միջին տարիքի ազգային գործիչ Առաքել (Վարդան Մկրտիչեան) եւ սկսնակ գրող Պետրոս (Հրայր Գալեմքերեան) կը պահեն «կայան» մը: Ոչ ոք կը նկատէ կայանին գոյութիւնը: Առաք եւ Պետ հալածախտէ կը տառապին: Կը պատսպարուին խախուտ պատնէշի մը ետին: Անդադար կը վիճաբանին հայապահպանման շուրջ: Օր մը յանկարծ կ’երեւակայեն, թէ «Ազգային տուն»-էն հրահանգ ստացած են կառուցելու համար ապրիլ 24-ի յուշակոթող մը: Կը յայտնուի հրեայ ուսանողուհի մը` Կալի  (Հերմինէ Նիւրբէթլեան),  որ աւարտաճառ կը պատրաստէ մեռնող մշակոյթներու մասին: Պետ կ’որոշէ լքել կայանը եւ Կալիի հետ մեկնիլ մայրաքաղաք: Առաք կրակի կու տայ Պետի ձեռագիրները, Կալիի վրայ սեռային յարձակում կը փորձէ եւ ինքզինք կը կուրցնէ կոթողին վրայ իր անունը քանդակելու համար տուած մուրճի հարուածով: 2-րդ սերունդը կործանած կը հեռանայ բեմէն: Հայկական կայանը կ’անհետանայ: Նոր սերունդը (Պետ) մտամոլոր կը դիտէ «կոթող»-ը:

11091222_1582148478735545_592254455817569174_n

Որմազդը յարիր էր թատրերգութեան: Արահետը կ’աւարտի աւազի վրայ կանգնեցուած տուֆագոյն կոթողի մը տակ: Կոթողը վերջակէտ մը կը ներկայացնէ: Անդին (ապագայ)` կայ ունայնութիւն: Անոր ձեւը կը յիշեցնէ ե՛ւ յաղթանակի կամար, ե՛ւ սնամէջ շապլոն նուռ եւ սեղմող աքցան: Բոլոր նմանութիւնները սեւ հումոր կ’ենթադրեն: Աւազի վրայ երկարած արնագոյն շուքերը (վերջալո՞յս) ցուց կու տան, որ Կալի հեռացուցած է Պետը Առաքէն: Նոյնպէս` սեւաբանութիւն: Ռոստոմ Գույումճեան լաւ ըմբռնած է թատրերգութեան ոգին:

7-29-15_LorneՀեղինակը.- Լորեն Շիրինեան (1945, Քանատա) զինուորական վարժարանի մը մէջ անգլերէն լեզուի վարիչ եղած է: «Monumental» (2010) իր երրորդ թատրերգութիւնն է: Լորն Շիրինեանի (այսուհետեւ` ԼՇ) հայկական թեմայով նախորդ  գործն է «Exile in the Cradle» (2003):

«Աքսոր օրօրոցին մէջ» եւս երգաթատերական (melodramatic) երկխօսութիւն մըն է (ինչպէս` «Կոթողական»-ը), որ տեղի կ’ունենայ Հայտարփաշա կայարանէն (շապլոն) դէպի աքսոր տանող գնացքին մէջ: Ո՛չ, երկրորդ օր, 25 ապրիլ 1915-ին:  Փիեռ (իմա` Պետրոս, կրկին Պետ) երիտասարդ (եւ ուրեմն) ըմբոստ բանաստեղծ մըն է, իսկ Յակոբ (Եագոպ, մտապահել այս անունը) միջին տարիքի ազդեցիկ վաճառական մը, որ (ուրեմն եւ) կապեր ունի երիտթուրքերուն հետ: Երկու «ընտրեալ»-ները պարտաճանաչօրէն կ’արտասանեն բոլորին ծանօթ շապլոններ ու փասթիշներ: Այո՛, անշո՛ւշտ որ այդտեղ են Զիա Կէօքալփ եւ Հիթլեր իրենց բարբաջանքերով: Ընթերցողը աներկբայ կը տեսնէ, թէ որքան զազիր է ոսոխը եւ որքան վեհ է հրեան… ներողութիւն, պիտի ըսէի` հա՛յը: Հէք Պետ. եւ Յակոբ պարտադրուած են արտաբերել բոլոր այն օթեկ յանկերգները, որ քանատացի յետարդի դասախօս մը ինքզինքին թոյլ պիտի չտար արտասանել:

«Կոթողական»-ին մէջ եւս ոչ գոյ է «թարմ բանջարեղէն», Առաք եւ Պետ տուփեղէնով կը պատրաստեն «ապուր»  (իմա` հոգեկան սնունդ), որ այլեւս ո՛չ իսկ երկրորդ սերունդի ներկայացուցիչ Առաքի քիմքին հաճոյ է:

ԼՇ-ի հայկական «մթերանոց»-ը իսկապէս աղքատ է: Անոր իմացած «հայոց պատմութիւն»-ը սահմանափակուած է նախակրթարանի դասագիրքերու հեքիաթներու մակարդակով: Այդ շատ յստակ է իր «Հայոց պատմութիւն եւ այլ առասպելներ» գիրքին մէջ (1):  ԼՇ-ի մօտեցումը պատմութեան, առհասարակ յետարդիական է: Ո՞վ է, օրինակ, այն Պետրոսը, որ օսմանեան բանակը ետ մղած է Մալաթիայէն մինչեւ Տիգրանակերտ: Թրքաբնակ կեդրոնէն դէպի ոչ թրքաբնակ արեւելք: «Վէրքերով լի» Պետրոս Սերեմճեան գործած է Պուլկարիոյ մէջ, եւ այդտեղ` կախաղան բարձրացած: Ինծի ծանօթ չէ Պետրոս անունով այլ ֆետայի: Տրոհուած բանակի գլխուն կան ոմն «պէյ ու պէկ»: Նեսիմ(ի) (զեփիւռ) պէյ եղած է է ռուսամէտ մը: Քապան (վերարկու) պէկ գոյութիւն չունի: ԼՇ օրհասական պայքարին կը մօտենայ թեթեւամիտ զուարճախօսութեամբ: Անգիտութիւնը կը փորձէ պարտկել անհեթեթով:

Եբրայականք.-  «Ցում կալի կալի»  սիոնական առաջին քիպուցներու «օրհներգ»-ն էր: Կալի (ալիք) անունը ժողովրդականութիւն գտած է Իսրայէլի պետութեան հաստատումէն ետք միայն:

Թատրերգութիւնը եւ ԼՇ-ի առ հասարակ բոլոր գործերը հրատարակած է «Պլու հիրոն փրես» («Կապոյտ ձկնկուլ») հաստատութիւնը: Պլու հիրոն այն պանդոկն էր, ուր ոստիկանութեան հետապնդումէն փրկուելու համար թաքնուած է լեհ հրեայ «հերոս» լումայափոխ Խայիմ Սոլոմոն:

ԼՇ ամուսնացած է հրէուհի Նաոմիի հետ: Յաճախ ելոյթներ կ’ունենայ Հոլոքոսթի հաստատութիւններէն եւ հրէական ընկերային ձեռնարկներուն մէջ: Թերահաւատներ կրնան թերթատել (Google) «Beth Tzedec Bulletin» եւ «Օթաուա ճիուիշ պուլիթին» հրէական լրաբերները: ԼՇ-ի հրէական անուններ կրող զաւակները նոյնպէս ամուսնացած են հրէուհիներու հետ: Կը բեմադրեն հրէական բներգով ժապաւէններ»:

7-29-15_3Պեն (Benjamin) իր կնոջ (Leslie Sharon Gotlieb) հետ բեմադրած է «Josef et Aimée»  որ, ո՜հ, կը պատմէ նացիական սպանդներու ընթացքին իրենց նորափթիթ կեանքը կորսնցուցած երկու սիրուն, հէգ հրեայ որբուկներու հոգեկան կապերուն մասին: Ո՜վ  հացկատակութիւն:

Էմանուէլ բեմադրած է  «Սոնկ աֆ Սոլոմոն» ժապաւէնը այսահար Հասիտի (ուղղափառ) րապպիի մը մասին, որ հրապարակաւ տիսքօ պարէ: Սոլոմոն անշուշտ կը յաղթէ Սատանային եւ կը վերադառնայ Թորայի ակունքներուն: Ո՜վ խեղկատակութիւն:

ԼՇ իր հրատարակած բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն կոչած է «Մանանա»: Եհովա անապատին մէջ «կորսուած» հրէական ցեղախումբերը կերակրեց մանանայով (2):

ԼՇ-ի alter ego (միւս ես) Պետ իր հերոսները կը կոչէ Անաթ, Պալամ եւ Եագոպ (էջ 56): Պալամ դեւերու գնդապետ մըն է, Անաթի թշնամին: Ասէ-նաթ (սուրբ` առ Անաթ) անունն է Եհովայի պատերազմիկ արիւնարբու կոյս (!) կնոջ, երբ Եհովա դեռեւս ցեղախումբի մը աստուածն էր: Այս անունը նոյնպէս տարածուած է Իսրայէլի պետութեան հաստատումէն ետք (3):  Եագոպ հրեաներու նախահայրն է: Հրէական կտակարանը կ՛ըսէ, թէ անոր 12 որդիները հիմնեցին Իսրայէլի 12 ցեղախումբերը: Հրեշտակի հետ մենամարտելէ ետք Եհովա զայն կոչեց «Իսրայէլ»  (Աստծու հետ գօտեմարտող, Գիրք ծննդոց 32: 28-29) Եհովա իր 3-րդ եւ վերջին ուխտը կնքած է Եագոպ-Իսրայէլի հետ:

Եագոպ-Իսրայէլ նահապետի յիշատակումը նաեւ անուղղակի ակնարկութիւն է հրեայ թատերագիր Grotowski-ի «Շոա»-ն (ողջակիզում) խորհրդանշող «Աքրոփոլիս» թատերախաղին, ուր Եագոպ եղերերգակ նահապետին անունն է (4):

«Աքսոր օրօրոցի մէջ» գործին մէջ նոյնպէս կը լսուի Եագոպ անունը: Զուգադիպութի՞ւն: Քանատայի մէջ Լորեն Հայիմ Կրին, Լորեն Լիփուիզ եւ Լորեն Օփլըր հրեայ մտաւորականներ են: Զուգադիպութի՞ւն: Զո՞րն ասեմ…

Կալիի բոլոր յիշատակութիւնները իրենց վաւերական հիմքը ունին հրէական առասպելներու մէջ, ունին հետեւաբար խորհրդանշական, քաղաքական իմաստ: Մինչ Առաքի հայկական յիշատակութիւնները յերիւրածոյ եւ զաւեշտահունչ են: Կալի ունի զինք պատսպարող ընտանիք (կուռ ազգ), մինչ հայ տիպարները կը նմանեցուին «մրջիւններու մնացորդ»-ի (էջ 43): (Պէտք էր թարգմանել «մրջիւնի բոյնի  մը (colony) մնացորդ»): Ո՞ւր է հայկական կողմին համար այսքան աննպաստ հակադրութիւններու բարոյականը:

7-29-15_2Աւարտական տեսարաններուն մէջ Կալի կը հասնի եզրակացութեան (էջ 71), թէ գաղութարար հայեր պատմութենէն վերացուցած են Փռիւգիացիները: Ապա սելճուքներ վերացուցած են հայերը: Այս թեթեւաբարոյ նախադասութիւնը կարելի է որպէս վարժութիւն նշանակել նախակրթարանի աշակերտներուն, որպէսզի ցոյց տան անոր սխալները: Ա.- Փռիւգիա կը գտնուի Կիլիկիոյ հիւսիս-արեւմուտք: Այդ շրջանը հայերով չէ բնակուած: Բ.- Փռիւգիա գոյ էր, երբ Ալեքսանտր Մակեդոնացի կտրեց գորդեան հանգոյցը (տես քարտէսը): Փռիւգիա կործանեցաւ Հռոմի կողմէ (133 ՆՔ): Գ.- Սելճուքներ ոչ թէ ուրոյն ազգ են, այլ` բազմազգի «հարստութիւն» (dynasty): Եթէ այս երեքը «անմեղ» սխալներ են, ապա ինչպէ՞ս որակել այն դրոյթը, թէ` թուրքերը հայերու ըրած են միայն ա՛յն, ինչ հայեր ըրած են ուրիշներու: Թէ` թուրքեր միայն այնքա՛ն յանցաւոր են, որքան յանցաւոր են հայերը: Ինչպէ՞ս ընդունիլ, որ այս դրոյթը բեմ բարձրանայ հարիւրամեակի առիթով:

7-29-15_1Բեմայարդարում.- Բեմադրութեան ներդրումը պատկերաւոր կերպով բացայայտուած էր բեմին վրայ:  ԼՇ  նշած է, որ վայրը կորած անկիւն մըն է, թէ` բեմին վրայ կը գտնուի չորցած ծառ մը, երեք ոտք բարձրութեամբ հողի գոյն (Օcre) պատ մը եւ հայկական կամարով խախուտ տնակ մը: Այսինքն` մօտաւորապէս կողքի նկարին նման: Բայց … կողքի նկարը առնուած է անհեթեթ թատրոնի ամէնէն ծանօթ գործի` «Սպասելով Կոտոյին» բեմադրութենէ մը: Պարտադիր է, որ բեմին վրայ գտնուի մեռած ծառ մը (որմէ հերոսներէն մէկը կը փորձէ իր գօտիով ինքզինք կախել): Կողքի նկարին արհեստականօրէն աւելցուած են միայն խախուտ պատին ետեւ կկզած Առաք եւ Պետ:

ԼՇ-ի նախատեսած բեմին վրայ հայկական ոչինչ կայ` բացի կիսաւեր տան մէկ կամարէն, որ դատապարտուած է տառացիօրէն ցնդելու վերջին տեսարանին մէջ: Կը տեսնենք, որ հայկականութեան ակնարկը անուղղակի, հեռաւոր եւ մանաւանդ «անցողիկ» է (մեռնող մշակոյթ):

7-29-15_57-29-15_norԲեմադրիչը վերացուցած է «հայկական» աւերակը եւ զայն փոխարինած` խաւաքարտէ շապլոն կոյտով մը: Առաջին կարգի վրայ են օփերայի (Ա) եւ պատկերասրահի (Բ) շէնքերը: Անոնց ետին կայ խաչքարերու անտառ մը եւ խաչ մը, որ չես գիտեր ինչո՛ւ զետեղուած է երկնաքերի մը կատարին: Խաչի շուքը կ’իյնար բեմի ճակատին: Ի սէր Ապողոնի, քրիստոնէական ի՞նչ կար թատերախաղին մէջ: Բացի այդ, քարերու սլաձիգ ուրուագիծները ցաւօք աւելի կը յիշեցնէին ազերիական գերեզմանաքարերը, քան` հայկական խաչքարը, որ շատ աւելի լայնանիստ է:

Հայկական անկիւնի ճակտին կը տեսնենք մութ զանգուած մը: Արդեօք այդ մեր սեւ «ճակատ»ագի՞րն էր: Բեմէն վար կը հոսէին լերկ լեռներ (շապլոն): Արդեօք այս բոլորը Հայկական պարի կատարի՞ն կը կատարուէին: Աւելցուած էր նաեւ դրան շրջանակ մը (անհեթեթ), որ կ’առաջնորդէ դէպի լուսաճաճանչ գետնափոր անցք մը: Արդեօք այդ կը ներկայացնէր Արշակունեաց գետնափոր շիրիմնե՞րը:  Մի՞թէ  (անհեթեթ) + (հայկական շապլոն) =  (հայկական):

10632633_10155375898475627_3715121866807101745_nԱւելցուած էր նաեւ նամակատուփ մը: Բայց նամակատուփ կը նշանակէ վաւերական հասցէ: Մինչդեռ կեդրոնը պատրանք մըն է, որ դատապարտուած է անհետանալու: Բնագիրին մէջ «նամակ»-ը կը յայտնուի անբացատրելի ձեւով: Այսինքն նոյնպէս մտացածին է: Նամակատուփը պէտք էր, որ անհետանար: Մինչդեռ վերջին տեսարանին մէջ Պետ նամակատուփին յանձնեց իր ձեռագիրներու մոխիրը: Ո՞ւր է աքթի տրամաբանութիւնը: Ի զուր չէ, որ կայքին վրայ ցարդ կարելի չեղաւ տեսնել բեմի յստակ պատկերը:

Յիշեցի՛: Բեմին ձախ պատը վերածուած էր պսպղուն արդիապաշտ թապլոյի մը, ու կային փոքր լուսարձակներ, ծանրոցներ եւ այլ մեքենական տարրեր: Պատկերը ցոյց կու տար բեմադրիչի «լուսաւորչական» հմտութիւնը: Բարի՛: Բայց չհասկցայ, թէ ի՞նչ կը ներկայացնէր այդ սիրուն պատը: Ինչպէ՞ս կ’առնչուէր բնագիրի եւ կամ բեմադրութեան միտք բանիին հետ …

Օրակարգեր.-  Հոգեկան խոցի (trauma) եւ յիշողութեան կապը օրակարգի վրայ են աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր: Ուսումնասիրողներ կը մօտենան հոգեբանական անկիւնէն: Այստեղ զիս կը հետաքրքրէ քաղաքական երեսը: Ըրնեսթ Ռենան դեռեւս 1882-ին իր «Ազգութիւն մը ի՞նչ է»  ուսումնասիրութեան մէջ յառաջ կը քաշէ այն թեզը, թէ ազգի մը յիշողութիւնը «զտուած»  եւ  «խմբագրուած» է իշխող խաւերուն կողմէ: Բնագիրի առաջին էջերուն վրայ ԼՇ կու տայ մէջբերումներ, որոնք ուղեցոյց հանդիսացած են «Կոթողական»-ին:

Փիեռ Նորա, օրինակ, կ’ըսէ, թէ արտաքին յենակներու (scaffold) կարեւորութիւնը խոտոր կը համեմատի ներքին փորձի (experience) ուժգնութեան հետ: Թէ` մենք պէտք կ’ունենանք յուշող «վայրերու» (lieux), երբ մեր հոգեկանին մէջ այլեւս ոչ գոյ է այդ յիշողութեան միջավայրը (milieu, քիչ մը յանգախաղ) (5): Նախնական ժողովուրդներ (ինչպէս եւ հրեաներ) յիշատակը կը պահէին հանապազօր ծէսերով:

Ճէյմս Եանկ յօրինած է «հակակոթող» (counter-monumet) եզրը: Բնագիրի շապիկի ներքին երեսին վրայ Եանկ կ’ըսէ. «Երբ յիշողութեան կոթողային ձեւ կու տանք, մենք զմեզ որոշ չափով ձերբազատած (di-vest տառացիօրէն կը նշանակէ  ապա-հանդերձել, հանուիլ) կ’ըլլանք յիշելու պարտաւորութենէն (6):

Այս առնչութեամբ թերեւս ամէնէն խնդրայարոյց աշխատանքն է «Սուտ յիշողութեան գիտութիւնը» (7): Հոգեբաններ հիմնովին «կ’ականեն» վերապրողներու վկայութեան վաւերականութիւնը: Կը նշեն, որ իւրաքանչիւր վերյիշում մասամբ «կը վերախմբագրէ» ցաւոտ յուշը: Իսկ աւելի քան դար մը կրկնուող մղձաւանջէ ետք … Արեւմտեան դատարաններ հոգեբաններու կը դիմեն վկայութիւնները արժեւորելու համար:  Այս անշուշտ իր անբարենպաստ հետեւանքը ունի վերապրողներու վկայութիւնները որպէս փաստ գործածելու գործարքին մէջ:

Ելոյթին մէջ կար անուղղակի խնդրայարոյց ակնարկ: Առաքի անձնասպան նկարիչ մեծ հայրը (փասթիշ-Արշիլ Կորքի) երբեք չէր ուզած խօսիլ իր տառապանքներուն մասին: Աւելի՛ն. ան կը նշէ, որ բոլոր լուսանկարները այրած են: Այսինքն իր վերապրած նախնին չէ փոխանցած որեւէ վաւերական «փաստ» եւ կամ նոյնիսկ յուշ-վկայութիւն:

Հայաստանեան գրականութեան մէջ այս մտքերուն անդրադարձած են Հրաչեայ Ամիրեան (հոգեբան), Յարութիւն Մարութեան, Սմբատ Յովհաննիսեան եւ սակաւաթիւ այլք (8):

Կը յիշեմ եւ … Ինչպէս կը տեսնենք, «ժառանգուած յիշողութեան» հարցը կեդրոնական է հոգեկան խոցի ուսումնասիրութեան մարզին մէջ: Ելոյթին մէջ բնագիրին աւելցուած էին Առաքի ասմունքած թրքախառն ելոյթները, որոնք կը վերարտադրէին Եղեռնի արհաւիրքը: Ելոյթը այն տպաւորութիւնը կը թողու, որ տեղի կ’ունենայ անուղղակի «վկայութիւն»: ԼՇ-ի բնագիրին յաւելուած այս սրտաճմլիկ զեղումները հակադիր են գործի տրամաբանութեան: Յիշել, որ իր Առաքի պապը մերժած էր պատմել: Արհաւորը պէտք է որ մնայ «անասելի»: Բնագիրին մէջ Առաք կ’ըսէ, թէ իր մայրը յիշողութեան շատ քիչ պատառիկներ (scraps) ունէր, չէր գիտեր, թէ ինչպէ՛ս յայտնուած էր սուրիական որբանոցին մէջ: Թէ` պատկերները ի՛ր` Առաքի մտքին մէջ են (էջ 60-61): Ժառանգուած յուշի պատառիկները ուրեմն  ուռճացուած եւ վերախմբագրուած են: «Կարդացած եմ այդ մասին», կ’ըսէ Առաք (էջ 3): Այսինքն իր անձնական «յիշողութիւնը» ձեւաւորուած է տիրող հաւաքական յիշողութեան (գրականութիւն, լրատուամիջոց, եւն) միջոցով: Այս յարիր է ԼՇ-ի հետեւած հոգեբանական տեսութիւններուն: Եւ` ոչ միայն:

Պատմական գիտութիւններու դոկտ. Ա. Ա. Ստեփանեան դիտել կու տայ. «Յիշումն անպայմանօրէն ունի իր հեղինակը, ով ձեւաւորում է պատմական յիշողութիւնը` համաձայն իր նպատակների»(9):

Արեւմուտքի մէջ ազգային մշակոյթի «յօրինման» հարցը նոյնպէս օրակարգի վրայ է տասնամեակներէ ի վեր: Հայաստանեան գրականութեան մէջ այս ուղղութեամբ կան կողմնակի ակնարկներ: Սփիւռքի մէջ կան հատուկենտ ուսումնասիրութիւններ` կատարուած օտար համալսարաններու հայ ուսանողներու կողմէ (10): Ինքնութեան կորուստի սարսափը թերեւս կ’արգիլէ ազգային մշակոյթը ուսումնասիրութեան նիւթ դարձնել եւ այդպիսով հարցականի տակ առնել: Քանատացի դաւանափոխ մտաւորականի մը համար, սակայն,  մշակոյթներու անհետացման մասին գրել` կը նշանակէ հետեւիլ նորաձեւութեան: Այսինքն` գրել համահունչ տիրող տեսական համակարգին (paradigm): Թատրերգութեան մէջ այս դրոյթի երիտասարդ ջատագովները` Կալի եւ Պետ, կը տրոհեն կուրօրէն հակամարտ տարեց կողմը` Առաք:

(Շար. 1)

  1. Տես L. Shirinian History of Armenia and Other Fiction, Blue Heron Press, 1999
  2. Հրէական ցեղախումբեր պատրաստուէին, որպէսզի բաւարար ուժ կուտակեն Քանանը գրաւելու համար:
  3. John Day, Yahweh and the Gods and Goddesses of Canaan. Sheffield Academic Press, 2002
  4. M. Romanska, Post Traumatic Theatre, Anthem Press, NY 2014 էջ 118
  5. Pierre Nora Les lieux de memoire Representations, No. 26, 1989 Univ. Ca.
  6. Holocaust Monuments And Counter-Monuments, interview with James E. Young 1998 Jerusalem
  7. C. J. Brainerd and V. F. Reyna, The Science of False Memory 2005
  8. Տե՛ս «ՎԷՄ»-ի յունուար-մարտ 2013 թիւը
  9. Ալպերթ Ա. Ստեփանեան, «Տարտամ անցեալականութիւնից դէպի պատմութիւն», Հիմնաքարեր, Վէմ յունուար-մարտ 2014, էջ 17 (էջեր 11- 28)
  10. Տես, օրինակ Զարուհի Շուշանեան, «Between the Memories and the Present: on the Armenian Genocide», 2013, Մագիստրոսական աւարտաճառ The Hague, Հոլանտա
Նախորդը

Իրանը Վերադառնում Է.- Հայաստանի Վրայո՞վ, Թէ՞ Հայաստանի Համար

Յաջորդը

Սուրիոյ Հասաքէ Շրջանին Մէջ Յայտնաբերուած Է Քանի Մը Շաբաթ Առաջ Զոհուած Սուրիահայ Զինուորական Ծառայողին Դիակը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.