Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկահայ Ներկայացուցիչներ Ներկայ Կը Գտնուին «Հաւատադրժողական Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Համար Տեղեկատուական Միջազգային Խորհրդաժողով»-ին

July 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-28-15_3203

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ կազմակերպութեամբ տեղեկատուութեան նախարարութեան, 24 յուլիսին Դամասկոսի «Մշակոյթի եւ արուեստի Ասատի տան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար տեղեկատուական միջազգային խորհրդաժողով»-ի բացումը:

Երկու օրուան վրայ ընթացող խորհրդաժողովին մասնակցեցան մօտ 130 լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ` զանազան երկիրներէ, ինչպէս` Ռուսիա, Իրան, Սպանիա, Չինաստան, Թուրքիա, Փաքիստան, Եգիպտոս, Լիբանան, Իրաք, Ալճերիա, Մարոք, Պահրէյն, Մեծն Բրիտանիա, Սէուտական Արաբիա, Յորդանան, Գերմանիա, Կիպրոս եւ Քուէյթ:

Տեղեկատուութեան նախարարութեան հրաւէրին ընդառաջելով` խորհրդաժողովի բացման նիստին ներկայ էին պետական այրեր, մշակոյթի եւ արուեստի դէմքեր, գրողներ, երեսփոխաններ, հոգեւորականներ, որոնց շարքին էր Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանը, օտար երկիրներու դեսպաններ, որոնց շարքին էր Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանը, տեղեկատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ, ընկերային հաստատութիւններ եւ միութիւններ, ինչպէս նաեւ` դամասկահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Բացման նիստին խօսք առաւ լրատուութեան նախարար Օմրան Զողպի, որ անդրադարձաւ ահաբեկչութեան պատճառով բոլոր բնագաւառներուն մէջ Սուրիոյ կրած վնասներուն եւ ըսաւ. «Ահաբեկչութիւնը հասաւ մինչեւ սուրիական քաղաքակրթութիւնը աւերելու աստիճանի, քանդուեցան բազմաթիւ եկեղեցիներ, մզկիթներ եւ հնագիտական վայրեր, կողոպտուեցան գիւղատնտեսական բերքը, քարիւղի ու կազի հանքերը եւ վաճառուեցան թրքական շուկաներուն մէջ` թրքական ընկերութիւններուն միջոցով, ինչպէս նաեւ թալանի ու կողոպուտի ենթարկուեցան Հալէպի եւ Իտլիպի արդիւնաբերական հաստատութիւնները, որոնք թրքական բեռնատարներով փոխադրուեցան Թուրքիա»:

Ան հաստատեց միասնական ջանքերու անհրաժեշտութիւնը` հարց տալով, թէ` «Արդեօք սիոնական թէ ուահապական կամ օսմանական էրտողանական ծրագի՞ր մըն է սա: Իրականութեան մէջ երեք թեւերով մէկ ծրագիր է, որ կը հարուածէ` Սուրիան, Իրաքը, Լիպիան, Եմէնը, Եգիպտոսը եւ Ալճերիան»:

Խօսք առաւ նաեւ Իսլամական պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու միութեան ընդհանուր քարտուղար Ալի Քարիմեան, որ ակնարկեց Սուրիոյ դէմ կատարուած ահաբեկչութեան ձախողութեան: Ան կարեւոր նկատելով նման խորհրդաժողովներու գումարումը` ըսաւ. «Լրատուամիջոցները համաշխարհային հաւատադրժողական` թաքֆիրի միտքը տարածելու միակ միջոցն են, հետեւաբար անկասկած այդ միտքը պէտք է դիմագրաւենք տեղեկատուութեամբ»:

Առաջին նիստին ելոյթ ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ, որ լուսարձակի տակ առաւ տարածաշրջանային դաշինք ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը: Իր կարգին Իրանի մշակոյթի նախարար Ալի Ահմատ Ժանաթի իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ իսլամութեան մասին ահաբեկչական մտքի տարածած պատկերը հարկաւոր է ջնջել:

Իսկ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ  իր ելոյթին մէջ ակնարկեց, որ Դիմադրութեան տեղեկատուութիւնը կարեւոր ներուժ ունի, քանի որ իրականութեան տեղեկատուութիւնն է եւ իր պատասխանատուութիւնն է արագօրէն եւ արհեստավարժօրէն տարածել ճշմարտութիւնը:

Խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկուեցան զանազան նիւթեր, ինչպէս` «Ազգային, բարեկամ եւ հակառակորդի տեղեկատուութեան դերը քաղաքական, մտաւոր եւ տեղեկատուական շրջանակներուն մէջ», «Ահաբեկչութեան դէմ տարածաշրջանային եւ միջազգային դաշինքը», «Տեղեկատուութեան դերակատարութիւնը ներկայ պատերազմներուն եւ նոր աշխարհի կազմաւորման մէջ»: Իսկ յաջորդ օրը քննարկուեցան` «Տեղեկատուութեան կարեւորութիւնը զինուորական բնագաւառին մէջ» եւ «Յաջորդ հանգրուանին տեղեկատուութեան դերին ապագայ տեսլականը» նիւթերը:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (28 Յուլիս 1965)

Յաջորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Արժեւորելով Յիշատակը

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.