Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՍՏ «ԻԶՎԵՍԹԻԱ»Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԸ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԻ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻ ՄԻՋՈՑՈՎ ԼՈՒԾՈՒՄԸ Կ՛ՈՒԶԷ

August 17, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը անդրադառնալով Սոչիի մէջ Մետվետեւ- Ալիեւ չորս ժամ տեւած հանդիպումին կը գրէ, որ հանդիպումին գլխաւոր հարցը այն էր, որ Մետվետեւ պիտի յաջողի՞ Պաքուն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ բանակցութիւնները սկսելու համոզել:

«Քաղաքական առումով Մետվետեւի համար շատ կարեւոր է տեղէն շարժել Ղարաբաղի շուրջ բանակցութիւնները», կը գրէ օրաթերթը` աւելցնելով, որ մայիսին Տովիլի մէջ տեղի ունեցած «Մեծն ութնեակ»ի բանակցութիւններուն ընթացքին Մետվետեւ Մինսքի խմբակի միւս համանախագահներէն` Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներէն ստացած է ատոր համար անհրաժեշտ լիազօրութիւնները:

Օրաթերթը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ իր աղբիւրները վկայակոչելով կը գրէ, որ 24 յուլիսին Քազանի մէջ Մետվետեւի միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ կողմերուն վերջնական համաձայնութենէն մէկ քայլ կը բաժնէր: Սակայն Իլհամ Ալիեւ վերջին պահուն ետքայլ կատարած է` առաջադրելով տասը սրբագրութիւն:

Օրաթերթին տուեալներով` գլխաւոր խոչընդոտը եղած է իրաւաբանական ուժ ունեցող կամքի արտայայտութեան միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակին որոշումը: «Իզվեսթիա» իր աղբիւրներուն յղում կատարելով կը գրէ, որ «ճամբու քարտէս»ը մշակած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի մտայղացումով` Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը պէտք է լուծուի հանրաքուէի միջոցով: «Իսկ թէ ինչպէ՞ս պիտի քուէարկեն հայերը, որոնք այդ տարածքներուն մէջ գերակշռող մեծամասնութիւն կը կազմեն, ոչ ոք կը կասկածի», կը գրէ ռուսական օրաթերթը` նկատելով, որ ճիշդ այդ պատճառով ալ Պաքուի համար որոշ հարցեր բաց կը մնան:

Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը Սոչիի մէջ Մետվետեւ-Ալիեւ հանդիպումին մասին իր տեղեկատուութեան մէջ կը հաղորդէ, որ ըստ իր տեղեկութիւններուն, ազրպէյճանցի դիւանագէտները ոչ դռնփակ հանդիպումներու ընթացքին կը շեշտեն, որ «Ազրպէյճանի զինուորական կարողականութիւնը կարելիութիւն կու տայ երկու օրուան մէջ խնդիրը լուծելու»` աւելցնելով, որ «նախագահ Ալիեւ շատ վճռական տրամադրուած է»:

 

 

Նախորդը

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍ – ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Յաջորդը

ԶՕՐ. ԽԱՉԱՏՈՒՐՈՎԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻԱ

RelatedPosts

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը  Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ

November 26, 2026
Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն  Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»

November 26, 2026
Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Լոյսին Տակ  Հաստատուած Են Տնտեսական Ու Առեւտրական Կապեր»
Հայկական

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Լոյսին Տակ Հաստատուած Են Տնտեսական Ու Առեւտրական Կապեր»

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։