Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍ – ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

August 17, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երկխօսութեան երէկուան հանդիպման պահուն

Հայ ազգային քոնկրեսի եւ իշխանութեան պատուիրակութեան անդամները երէկ մօտ 2 ժամ տեւած քննարկումէն ետք հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը` նշելով, որ քննարկած են 9 օգոստոսին Կարապի լիճի մօտակայքին Հայ ազգային քոնկրեսի անդամներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ տեղի ունեցած միջադէպը: Անոնք ձեռնպահ մնացած են միջադէպի քննարկման մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ մեկնաբանութիւն կատարելէն: Կողմերը նաեւ համաձայնած են  քննարկումը ուրբաթ օրը շարունակել:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ այսպիսով կարելի է արձանագրել, որ անոր որ Հայ ազգային քոնկրես-իշխանութիւն երկխօսութիւնը կը շարունակուի, հակառակ անոր որ Հայ ազգային քոնկրեսի բանբեր Արման Մուսինեան նախանցեալ օր յայտարարած էր, որ քաղաքական բանտարկեալներու գոյութիւնը լուրջ խոչընդոտ կը հանդիսանայ երկխօսութեան համար, եւ իշխանութեան հետ երկխօսութիւնը շարունակելու իրենց որոշումը կախեալ պիտի ըլլայ քոնկրեսին կալանաւորուած անդամներուն կարգավիճակէն:

Մուսինեան նշած էր, որ անկէ մեկնելով` քոնկրեսը յայտարարութիւն պիտի հրապարակէ: Մինչդեռ թէ՛ Հայ ազգային քոնկրեսը, թէ՛ իշխանական պատուիրակութեան ղեկավարները որոշեցին մինչեւ ուրբաթ լռութիւն պահել:

Այսօրուան դրութեամբ կալանաւորուած երեք երիտասարդներու կարգավիճակը ոչ միայն չէ փոխուած, այլեւս մեղադրանք ներկայացուեցաւ նաեւ Հայ ազգային քոնկրեսի երեք այլ անդամներու` Արեգ Գէորգեանի, Սահակ Մուրատեանի եւ Դաւիթ Քիրամիջեանի դէմ: Անոնք կը մեղադրուին Հայաստանի Քրէական օրէնսգիրքի 258 յօդուածի 3-րդ մասի առաջին եւ երկրորդ կէտերով` «խուլիկանութիւն, որ կատարուած է խումբ մը անձերու կամ կազմակերպուած խումբի կողմէ» եւ «խուլիկանութիւն, որ զուգորդուած է իշխանութեան ներկայացուցիչին դիմադրութիւն ցոյց տալով», յանցանքներ, որոնց պատիժը առաւելագոյնը 5 տարուան բանտարկութիւն է: Այսպիսով, Հայ ազգային քոնկրեսի բոլոր 7 երիտասարդներուն դէմ մեղադրանքներ առաջադրուած են: Անոնցմէ ամէնէն ծանր մեղադրանքը ներկայացուած է ուրբաթ օրուընէ ի վեր կալանքի տակ գտնուող Տիգրան Առաքելեանին, որ կը մեղադրուի խուլիկանութեան, ինչպէս նաեւ իշխանութեան ներկայացուցիչի նկատմամբ ոչ վտանգաւոր եւ վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելու յանցանքով: Այս յօդուածը կը նախատեսէ մինչեւ 10 տարի բանտարկութիւն:

Հայ ազգային քոնկրեսի կալանաւորուած անդամները երէկ դիմած են վերաքննիչ դատարան` անոնց խափանման միջոցը փոխելու միջնորդութեամբ:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, որ արդեօք կարելի՞ է, որ մինչեւ ուրբաթ օր ձերբակալուած Հայ ազգային քոնկրեսի անդամներու խափանման միջոցը փոխուի, իշխանական պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան ըսաւ, որ պատասխան չունի: Դ. Յարութիւնեան «Առաւօտ» թերթին տակաւին անցեալ շաբաթ ըսած էր, որ հիմնաւոր կասկածներ ունի, որ ոստիկանապետ Ալիք Սարգսեանի ըսածը ճշմարտութեան մօտ է, եւ սկիզբէն միջադէպը նախաձեռնած են երիտասարդները: Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք փոխա՞ծ է իր կարծիքը այդ միջադէպին մասին, Յարութիւնեան յայտնեց, որ տակաւին նոր տեղեկութիւն չունի եւ իր նախկին կարծիքին վրայ կը մնայ:

Նշենք, որ իշխանական պատուիրակութիւնը արդէն իսկ մշակած է իր փաստաթուղթը իբրեւ պատասխան Հայ ազգային քոնկրեսին կողմէ ներկայացուած 85 էջնոց փաստաթուղթին: Այդ ծաւալուն փաստաթուղթին մէջ Հայ ազգային քոնկրեսը ներկայացուցած էր արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութեան հիմնաւորումները: Այդ հիմնաւորումներուն իշխանութիւնը արձագանգեց 130 էջնոց փաստաթուղթով:

Դ. Յարութիւնեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ երէկուան հանդիպման ընթացքին իրենց փաստաթուղթը չէ ներկայացուած: Ան դժուարացաւ պատասխանելու, որ արդեօք ատիկա ուրբաթ օրը պիտի քննարկուի՞:

Նախորդը

ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Յաջորդը

ԸՍՏ «ԻԶՎԵՍԹԻԱ»Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԸ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԻ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻ ՄԻՋՈՑՈՎ ԼՈՒԾՈՒՄԸ Կ՛ՈՒԶԷ

RelatedPosts

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը  Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ

November 26, 2026
Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն  Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»

November 26, 2026
Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Լոյսին Տակ  Հաստատուած Են Տնտեսական Ու Առեւտրական Կապեր»
Հայկական

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Լոյսին Տակ Հաստատուած Են Տնտեսական Ու Առեւտրական Կապեր»

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։