Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Հայաստանի Նախագահին

July 22, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-21-15_SargsianՆախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնած է  Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մաթիաս Քիսլեր:

Նախագահը շնորհաւորած է դեսպան Քիսլերը եւ յաջողութիւն մաղթած  անոր` Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն  իրականացնելու գործին մէջ, ընդգծելով, որ անոր համար գոյութիւն ունի  ամուր հիմք, եւ ստեղծուած են լաւ նախադրեալներ:

Ինչպէս կը յայտնէ նախագահի պաշտօնական կայքը, զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ Հայաստանը եւ Գերմանիան ունին կայուն քաղաքական երկխօսութիւն, աշխուժօրէն կը զարգանան միջխորհրդարանական կապերը, կայ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները խորացնելու զգալի ներուժ, որուն ուղղութեամբ անհրաժեշտ է երկկողմանի ջանքեր ներդնել` նկատի առնելով նաեւ, որ Եւրոպական Միութեան երկիրներէն Գերմանիան ապրանքներու շրջանառութեան ծաւալներով Հայաստանի առաջնային առեւտրական գործընկերներէն մէկն է:

Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ Հայաստանի զարգացման ուղղուած շարունակական աջակցութեան համար:

Հանդիպումին ընթացքին քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններէն բացի, երկուստեք կարեւոր նկատուած է նաեւ  մշակութային, գիտակրթական, զինուորական եւ շարք մը այլ մարզերու մէջ գործակցութիւնը:

Հայաստանի նախագահը նաեւ բարձր գնահատած է Գերմանիոյ  նախագահ Եոաքիմ Կաուքի 23 ապրիլի յայտարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ, անգամ մը եւս ընդգծելով, որ ատիկա զօրաւոր պետութեան մը զօրաւոր ղեկավարի համոզուած ելոյթ էր:

 

 

Նախորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահը Կը Դատապարտէ Սուրուճի Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումը

Յաջորդը

Նախագահ Սահակեան Պարգեւատրեց Ղարաբաղի Քաղաքացիական Օդանաւորդութեան Պետը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.