
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի արդիւնաբերութեան եւ հողագործական արդիւնաբերութեան նախարար Սերկէյ Սիտորսքի Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու ցանկութիւն յայտնած են քառասուն երկիրներ:
«Մենք այսօր այդ ուղղութեամբ աշխուժ բանակցութիւններ կը վարենք մեր չինացի եւ հնդիկ գործընկերներուն հետ: Անցեալ ամիս մենք ստորագրեցինք Վիեթնամի հետ ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիր, որ նաեւ Հայաստանին կարելիութիւն կու տայ հանգիստ կերպով աշխատիլ մեր վիեթնամցի գործընկերներուն հետ: Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ ազատ առեւտուրի համագործակցութիւն սկսելու ցանկութիւն յայտնած է նաեւ Իրանը», ընդգծած է Սիտորսքի:
Ըստ անոր, Եւրասիական տնտեսական միութիւնը քայլ առ քայլ կը մեծցնէ համագործակցութեան շրջանակը` գործարքի զարգացման համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելով միութեան անդամ բոլոր երկիրներուն համար:
Սիտորսքի վստահեցուց, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը պատրաստ է համագործակցելու որեւէ երկրի հետ, որ այդպիսի ցանկութիւն կը յայտնէ:
Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Շուկաներուն Մէջ
Հեռանկար Ունին Հայաստանեան Արտադրութիւնները
Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ արդիւնաբերական համաժողով, որուն ընթացքին քննարկուեցան Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ պետութիւններու արդիւնաբերական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները: Ըստ այդմ, ներկայացուեցաւ ԵՏՄ-ի անդամ պետութիւններու արդիւնաբերական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններու նախագիծը:
ԵՏՄ-ի արդիւնաբերութեան եւ երկրագործական արդիւնաբերութեան նախարար Սերկէյ Սիտորսքի լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին հեռանկարային նկատեց Հայաստանի շինանիւթերու արտադրութեան մարզը, կօշիկի արտադրութիւնը, գիւղատնտեսական մարզը:
Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան փոխնախարար Էմիլ Տարասեան նշեց, որ ԵՏՄ-ի անդամ երկիրներուն հետ Հայաստանի համագործակցութեան ձեւաչափերէն մէկը կրնայ ըլլալ համագործակցականը: Եւ այդ մասով Հայաստան կրնայ դիմում ներկայացնել` մաս կազմելու ԵՏՄ-ի մեծ արտադրութիւններուն:
Սերկէյ Սիտորսքի ըսաւ. «Այսօր մենք աշխուժ բանակցութիւններ կը վարենք մեր Չինաստանի, Հնդկաստանի գործընկերներուն հետ: Հայաստան այսօր կրնայ ազատ համագործակցիլ Վիեթնամի հետ: Ահաւասիկ թէ ինչու մենք քայլ առ քայլ կը բանանք հեռանկարներ նաեւ հայկական առեւտուրին համար»:


