Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Դէպի Երկիր

July 20, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-19-15_zom-120

Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի երկիր» գործուղումները 11-րդ տարին ըլլալով ընթացք կ՛առնեն այսօր` երկուշաբթի, 20 յուլիս 2015-ին, Հայաստանի Կոտայք եւ Արցախի Քաշաթաղ մարզերուն մէջ` իբրեւ նշանաբան ունենալով «Կոտայքը իմ տունն է» եւ «Քաշաթաղը իմ տունն է»:

7-19-15_zom-121

Գործուղումները, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 1 օգոստոս 2015, ունին յատուկ դաստիարակչական ծրագիր, ուղղուած` 8-էն 16 տարեկան պատանիներուն: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ պատմական, ազգային, մշակութային եւ ընկերային նիւթեր եւ աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ զանազան տեսակի խաղեր, երգեցողութիւն ու պարի դասընթացքներ:

Գործուղման նպատակն է կապ հաստատել հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ` մօտէն ծանօթանալով շրջաններուն եւ անոնց պէտքերուն, ինչպէս նաեւ գործի ընդմէջէն ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծանօթացնել տեղի պատանիներուն:

Ճամբարը օրական դրութեամբ կը սկսի առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ կը տեւէ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00:

Այս տարի ԶՈՄ-ը 14 ընկեր-ընկերուհիներ կը գործուղէ 3 տարբեր շրջաններ` Կոտայքի մարզի (Հայաստան) Գառնի եւ Չարենցաւան շրջաններ, ինչպէս նաեւ Քաշաթաղ մարզի (Արցախ) Միջնաւանի շրջան: Արդէն իսկ ԶՈՄ-ական ընկերները կը գտնուին վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ եւ ամբողջացուցած են նախապատրաստական աշխատանքները:

Ընկերները կը հաղորդեն, որ մեծ խանդավառութիւն կը տիրէ շրջաններուն մէջ, իսկ օրէ օր ճամբարին մասնակցելու համար արձանագրուող պատանիներուն թիւը կ՛աճի: ԶՈՄ-ական ընկերներուն իրենց աջակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի եւ Արցախի երիտասարդական միութեանց անդամները:

«Դէպի երկիր» գործուղման հետեւելու նպատակով, փափաքողները կրնան այցելել ԶՈՄ-ի «ֆէյսպուք»-ի էջին (Zavarian Student Association ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւն):

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ Աշոտ Աւագեանի Ցուցահանդէսի Բացում

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Երաժշտական Երեկոյ

RelatedPosts

Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «ԼիաԼուսին» Հատորի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «ԼիաԼուսին» Հատորի Շնորհահանդէս

September 25, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.