
ArmSport.am կը հաղորդէ, որ հայ անուանի ծանրաբարձ Եուրի Վարդանեանի որդին` Նորիկ Վարդանեան, Թորոնթոյի մէջ (Քանատա), տեղի ունեցող համաամերիկեան խաղերուն արծաթէ մետալակիր դարձած է:
Միացեալ Նահանգներու դրօշակին տակ հանդէս եկող Վարդանեան 94 քկ դասակարգին մէջ երկամարտի մրցումներուն 362 քկ արդիւնք մը արձանագրելով ամերիկացի Քենտրիք Ֆարիսուէն զիջած է միայն 4 քկ-ով, կը յայտնէ «Տը Շրեվըփորթ Թայմզ»:
Նշենք, որ 2012-ին Նորիկ Վարդանեան Հայաստանի դրօշին տակ հանդէս գալով մասնակցած է Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն` գրաւելով 11-րդ դիրքը (380 քկ):


