Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Դաշնակցային Դրութիւնը Կրնայ Լուծում Մը Ըլլալ, Սակայն Նախ Եւ Առաջ Անոր Շուրջ Պէտք Է Համախոհութիւն Գոյացնել»

July 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Միշել Աուն
Զօր. Միշել Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան համակիրներուն կատարած ցոյցերը` սկսեալ Մերժահիունէն հասնելով մինչեւ Զղարթա, խաղաղ էին եւ ոչ մէկ ձեւով Լիբանանի երթեւեկը արգելակեցին:

«Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերը ուղղուեցան Դրամատուներու փողոց, յստակ թելադրանքներ ունենալով` բանակին հետ բախումներ չունենալու, սակայն բանակին կողմէ երիտասարդներուն գլուխներուն տրուած հարուածները սպանութեան նպատակով էին, հետեւաբար պատահածը մեր տղոց դէմ ուղղակի յարձակում է եւ անոր պատասխանատու է բանակը, որովհտեւ առանց անոր հրամանին նման բան անկարելի է, որ պատահէր», ըսաւ զօր. Աուն:

Ան շեշտեց, որ Ռումիէի բանտին մէջ պատահածը շատ աւելի նուազ տարողութիւն ունէր, քան վարչապետարանին դիմաց պատահածը: «Հոն կային ուսանողներ, ճարտարապետներ եւ երեսփոխաններ, որոնք խոշտանգուեցան, իսկ մենք այդ մասին ոչ մէկ դատապարտում լսեցինք», յայտնեց ան:

Զօր. Աուն նշեց նաեւ, որ անկարելի է Լիբանանը հաւասարակշռել առանց համագործակցութեան` աւելցնելով, որ ինք համայնքային խտրութեան չի հաւատար, սակայն բոլոր համայնքները կը պաշտպանէ:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ ինք ազգային իր բոլոր պատասխանատուութիւնները կատարած է` աւելցնելով, որ դաշնակցային դրութեան մասին իր կատարած յայտարարութիւնը պակասաւոր կերպով փոխանցուած է լիբանանեան հանրութեան: «Լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ես շեշտեցի, որ դաշնակցային դրութիւնը կրնայ լուծում մը ըլլալ Լիբանանի համար, սակայն աւելցուցի, որ անիկա որդեգրելու համար պէտք է ապահովել քաղաքական բոլոր կողմերուն համախոհութիւնը, իսկ մենք դաշնակցային դրութիւնը պիտի չպահանջենք, բացի եթէ մեր աշխատանքը խոչընդոտուի», ըսաւ ան:

Նախորդը

Իսրայէլեան Հետախուզական Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ

Յաջորդը

«Քաղաքական Տարակարծութիւնները Նախարարաց Խորհուրդէն Հեռացուցէք» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.